Աշխարհի Ամէնէն Վտանգաւոր Երկիրները

1214_Abdustions«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի մէջ այցելուներու ապահովութեան վերաբերեալ երկիրներու շուրջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ գողութեան, խաբեբայութեան, մարդու առեւանգումի, ահաբեկչական յարձակումի եւ նմանօրինակ արարքներու տեսակէտէն աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր երկիրները կը նկատուին Միջին Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, Սոմալին, Աֆղանիստանը, Սուրիան, Իրաքը, Նիկերիան, Եմէնը, Քոնկոն, Փաքիստանն ու Պաղեստինը:

Ասոր փոխարէն, աշխարհի ամէնէն ապահով ու վստահելի երկիրները եւրոպական երկիրներն են: Ուքրանիա վտանգաւոր նկատուած է պարզապէս քաղաքական վերջին իրադարձութեանց պատճառով:

Ըստ պատրաստուած տեղեկագիրին, մարդու առեւանգումի վտանգի տեսակէտէն ամէնէն վտանգաւոր երկիրներն են հետեւեալ տասը երկիրները. Մեքսիքա, Հնդկաստան, Փաքիստան, Իրաք, Նիկերիա, Լիպիա, Աֆղանիստան, Պանկլատեշ, Սուտան եւ Լիբանան:

 

Share this Article
CATEGORIES