Իպոլայի Պատճառով Սիերա Լէոնէի Մէջ Այս Տարի Պիտի Չնշեն Ամանորեան Տօները

1214_Sierra-Leon«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սիերա Լէոնէի մէջ այս տարի Ս. Ծնունդը պիտի չնշեն` Իպոլայի համաճարակին պատճառով:

Համապատասխան որոշումը տուած են երկրին իշխանութիւնները:

Զինուորականներուն ալ յանձնարարուած է հետեւիլ այդ արգելքի իրականացման: Անոնք պիտի հսկեն քաղաքներու փողոցներուն եւ տուն պիտի ուղարկեն բոլոր անոնք, որոնք պիտի որոշեն փողոց դուրս գալ:

«Մենք կ՛երաշխաւորենք, որ բոլոր քաղաքացիները պիտի գտնուին իրենց տուներուն մէջ, որպէսզի չարտօնենք ժահրին տարածումը», նշած է Իպոլայի դէմ պայքարի ազգային կեդրոնի ղեկավար Փալօ Քոնթէ:

Արգելքի գործողութեան ժամկէտը չի նշուիր:

Share this Article
CATEGORIES