«Մենք Միացեալ Նահանգներու Պատժամիջոցները Անպատասխան Պիտի Չձգենք» Կ՛ըսէ Ռիապքով

1214_Ryabkov«Gazeta.ru» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նոր պատժամիջոցներու սահմանման պարագային Ռուսիան այդ քայլը անպատասխան պիտի չձգէ:

«Խօսք չ՛ուզեր, մենք ատիկա անպատասխան չենք ձգեր», ըսած է փոխնախարարը` պատասխանելով «Ինթըրֆաքս» գործակալութեան հարցումին:

Ինչպէս նախապէս հաղորդուած էր, Սպիտակ տունը կրնայ նոր պատժամիջոցներ սահմանել Ռուսիոյ դէմ` Ուքրանիոյ հարցին գծով վերջինիս որդեգրած դիրքորոշումին պատճառով:

Share this Article
CATEGORIES