Արամ Ա. Կաթողիկոս Ապու Տապիի Նորակառոյց Եկեղեցին Օծեց Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցի Անունով

1214_gatoghigosՈւրբաթ, 12 դեկտեմբեր 2014-ին, օծումը կատարուեցաւ Ապու Տապիի: Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կայք հաստատած հայորդիներուն հաւաքական հաւատքին, սիրոյն ու կամքին գործնական արտայայտութիւնն է:

Արդարեւ, 1998-ին Շարժայի մէջ Արամ Ա. վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծումէն ետք, Ապու Տապիի մէջ նաեւ եկեղեցի մը ունենալու կարիքը դարձած էր զգալի: Երբ վերոնշեալ թուականին վեհափառ հայրապետը այցելած էր Միացեալ Էմիրութեանց օրուան նախագահ շէյխ Մոհամետ Զայէտին, անոր ներկայացուցած էր մայրաքաղաքին մէջ հողաշերտ մը ունենալու եւ անոր վրայ եկեղեցի կառուցելու հայ համայնքին փափաքը: Ընդառաջելով վեհափառ Հայրապետին առաջարկին` շէյխ Զայէտ տրամադրած էր անհրաժեշտ հողատարածքը եւ նուիրած հարիւր հազար ամերիկեան տոլար` եկեղեցւոյ շինութեան համար: Ահա, վերջին տասնամեակի ընթացքին, շրջանի հոգեւոր առաջնորդներուն հովանաւորութեամբ ու քաջալերանքով եւ ազգային վարչութեան ու խումբ մը բարերարներու հետապնդումով` հանգրուանային կերպով իրագործուեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան ծրագիրը: Արամ Ա. կաթողիկոս, իր կարգին, մօտէն հետեւեցաւ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն եւ կատարեց անհրաժեշտ ցուցմունքները:

Եկեղեցւոյ շինութեան կնքահայրերն են` Արա Խանոյեան, տէր եւ տիկին Գրիգոր Մահսէրէճեան, տէր եւ տիկին Հրայր Սողոմոնեան, տէր եւ տիկին Յարութ Օհաննէսեան, տէր եւ տիկին Սուրէն Գոժաքեան, տէր եւ տիկին Հայկազ եւ Յովիկ Թահմազեան, տէր եւ տիկին Վարուժան Ներկիզեան, տէր եւ տիկին Վահէ Թոխմանեան, տէր եւ տիկին Արա Քէօսէեան, տէր եւ տիկին Սեպուհ Մանճիկեան, տէր եւ տիկին Հրաչ Մանճիկեան, տէր եւ տիկին Աբրահամ Մելքոնեան, տէր եւ տիկին  Խաչիկ Գալայճեան, տէր եւ տիկին  Սէյրան Կարապետեան, Տէր եւ Տիկ. Սամիր Մովսէսեան եւ Տիկին Անի Պարսումեան: Շինութեան գլխաւոր բարերարները եղան Տիար Արա Խանոյեան, Մակի Սողոմոնեան, Սուրէն Գոժաքեան, տէր եւ տիկին Վահէ Թոխմանեան եւ տէր եւ տիկին Վարուժան Ներկիզեան, իսկ ճարտարապետը` Սուրէն Գոժաքեան: Շինարարութիւնը կատարուեցաւ շինարարական յանձնախումբի անմիջական հսկողութեամբ: Յանձնախումբին անդամներն են` Հրայր Սողոմոնեան, Արա Խանոյեան, Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ Վարուժան Ներկիզեան:

Եկեղեցին կառուցուած է հայկական ոճով: Անոր կից կը գտնուին Ազգային առաջնորդարանն ու վարժարանը` իրենց յարակից սրահներով եւ այլ բաժիններով ու յարմարութիւններով: Փաստօրէն, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին ամբողջական համալիր մըն է` իր կառատունով ու պարտէզով, որուն մէջ այցելողներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խաչքարը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանը եւ հայոց այբուբենը ներկայացնող յուշակոթող մը:

Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր շուքով` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Օրուան պատարագիչն էր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, կաթողիկոսարանի լսատեսողական գրասենեակի պատասխանատու Պետրոս Աբղյ. Մանուէլեան եւ գաւազանակիր  Նշան աբղյ. Լախոյեան:

Յայտնենք, որ արարողութեան նաեւ ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները, Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանները, այլ գաղութներէ հասած ազգայիններ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Հանդիսաւոր թափօրով Արամ Ա. կաթողիկոսը մուտք գործեց եկեղեցի ու անմիջապէս սկսաւ եկեղեցւոյ օծման կարգը: Նախ եւ առաջ, վեհափառը  օծեց եկեղեցւոյ Ս. Սեղանն ու խորանը` համաձայն հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան: Յետոյ, չորս աւետարանիչներու անունով օծեց եկեղեցւոյ չորս գլխաւոր սիւները, որմէ ետք Սեպուհ, Բաբգէն եւ Շահէ սրբազաններ յաջորդաբար օծեցին աւանդատուները, մայր դուռը եւ եկեղեցւոյ մնացեալ սիւները` Ս. Բարթողիմէոս, Ս. Թադէոս, Ս. Սիմէոն, Ս. Մատաթիա, Ս. Պետրոս, Ս. Անդրէաս, Ս. Փիլիպպոս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Պօղոս, Ս. Յակոբոս, Ս. Թովմաս, Ս. Յակոբոս Ալփեան առաքեալներուն ու սուրբերուն անունով: Ապա, նորաօծ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Անդաստան»-ի արարողութիւն:

Եկեղեցւոյ օծումէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը իր պատգամը տուաւ ներկայ ժողովուրդին: Գոհութիւն ու փառք տալէ ետք Աստուծոյ, որ այս հոգեպարար առիթը ընծայած է իրեն` կատարելու Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց շէյխ Մոհամետ Պըն Զայէտին` անոր ցուցաբերած գործնական աջակցութեան համար: Վեհափառ հայրապետը նաեւ գնահատեց բարերարներն ու կնքահայրերը, որոնք իրենց նիւթական մասնակցութեամբ սատար հանդիսացան եկեղեցւոյ շինութեան: Ապա, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ եկեղեցւոյ առաքելութեան` եկեղեցին նկատելով Աստուծոյ եւ ազգին տունը, ուր Աստուած եւ ազգ իրարու կը հանդիպին, Աստուծոյ ներկայութեամբ ազգը կը բարգաւաճի ու խաւարին դիմաց` լոյսով, յուսահատութեան դիմաց` յոյսով, իսկ անորոշութեան դիմաց` վճռականութեամբ կը լեցուի եւ կը հզօրանայ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ ճիշդ է, որ եկեղեցի շինելը դժուար է, սակայն եկեղեցի դառնալը` աւելի դժուար է: «Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մեր մասնակցութեամբ է, որ մենք եկեղեցի պիտի դառնանք, այլ խօսքով` Քրիստոսի խորհրդական մարմինը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Անդրադառնալով եկեղեցւոյ անունին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մենք Սրբոց Նահատակաց անունով մկրտեցինք այս եկեղեցին, հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, իբրեւ յիշեցում մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ մեր նահատակները իրենց հաւատքով ու կտակով մաս պէտք է կազմեն մեր ամէնօրեայ կեանքին ու պայքարին: Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը յիշեցում մըն է իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան, թէ մենք պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ նահատակներու պատգամին` արդարութիւն պահանջելով ցեղասպանէն ու աշխարհէն: Քանի մը ամիսներ առաջ, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին քանդուեցաւ նոյն ցեղասպանին զօրակցութեամբ. թող աշխարհը իմանայ, որ պատմութեան ընթացքին մեր եկեղեցիներն ու վանքերը քանդուեցան, սակայն անոնց փոխարէն մեր ժողովուրդը նորերը կառուցեց: Այսօր եւս, մենք նոր Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի շինեցինք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը գիտէ քանդումը շինութեամբ ու մահը կեանքով նուաճել»:

Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը օրհնեց եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին բարձրացած խաչքարը` բարերարութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ Հայաստանի դեսպան Գեղամ Ղարիպջանեանի, եւ միւս արձանները, որոնք կառուցուած են   Արա Խանոյեանի բարերարութեամբ:

Հոգեւոր ու ազգային ցնծութեամբ լեցուն այս հոգեպարար արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»-ի եւ Հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ:

Յայտնենք, որ օր մը առաջ, հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, կատարուած էր նախատօնակը եկեղեցւոյ օծման, որուն ընթացքին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ  Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ . Բաբգէն Եպս. Չարեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ եպս. Փանոսեան յաջորդաբար օծած էին եկեղեցւոյ մկրտարանն ու սրբապատկերները:

Share this Article
CATEGORIES