Դեսպան Քոչարեան Յանձնեց Յետմահու Սուրէն Խանամիրեանին Շնորհուած Ա. Աստիճանի Մետալը

1214_souren2Երէկ` կիրակի, 14 դեկտեմբեր 2014-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախկին նախարար եւ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի մահուան քառասունքին առիթով կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանգուցեալ նախարարի այրիին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին շնորհած` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» Ա. աստիճանի մետալը:

Ապա Կորիւն արք. Պապեան խօսք առնելով անդրադարձաւ Սուրէն Խանամիրեանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` իբրեւ քաղաքական-հասարակական գործիչ ու բարերար, Հայաստանի եւ լիբանանահայ գաղութի կեանքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES