Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի Անուանակոչութեան Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

1214hagop2Անցնող շաբաթավերջին Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, շաբաթ, 13 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ մատաղի պատրաստութիւն, իսկ կիրակի, 14 դեկտեմբերի առաւօտեան Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կից տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին գլխաւորութեամբ սրբազանը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց 4-րդ դարուն ապրած Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի կեանքին` հաստատելով, որ ան նկարագիրով խոնարհ անձ մը եղած է եւ ապրած է համեստ կենցաղով: «Իրմէ ճառագայթող արժէքն է, որ զինք կ՛ապրեցնէ պատմութեան էջերուն մէջ: Ան հանդիսացաւ այն դէմքերէն, որ իրեն վստահուած պարտականութեան նկատմամբ եղաւ հաւատարիմ եւ խիզախ», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ պէտք է տէր կանգնինք բոլոր այն նուիրական արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն, որոնք անցնող ժամանակաշրջանին մեզ պահած են պատուանդանի վրայ եւ որոնց նկատմամբ դժբախտաբար սկսած ենք տկարանալ: «Կեանքին մէջ փորձութիւնները շատ են, սակայն մենք տակաւին ունինք բաւարար ներուժ, կամք եւ ապագայի նկատմամբ տեսիլքներ, որպէսզի այդ գայթակղութիւններէն հեռու մնանք», շեշտեց սրբազանը: Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրամանով, Աւագութեան աստիճան կը շնորհուի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեանի: «Ան հոգեւոր ծառայութեան այս յարկին մէջ եղաւ ու կը շարունակէ մնալ ձեզի հետ, ձեզի համար ու ձեր կողքին: Կ՛աղօթենք, որ Աստուած իրեն պարգեւէ առողջ օրեր, որպէսզի նոյն հաւատարմութեամբ, կամքով ու եռանդով ինքզինք առաւել եւս արդիւնաւորէ մեր եկեղեցւոյ սպասարկութեան եւ մեր ժողովուրդին ծառայութեան ընծայելով իր լաւագոյն կարելիութիւնները», հաստատեց սրբազանը: Ապա Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան ընթերցեց վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի Տօնին
Առիթով Աշակերտական Պատարագ

Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնը այս տարի նշուեցաւ աշակերտութեան պատարագ մը մատուցելով Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը  9:30-էն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաներուն կատարողութեամբ եւ ներկայութեամբ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտութեան:

Եկեղեցական արարողութիւնը սկսաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ աղօրհնէքով, որպէսզի կերակրեն մատաղցու ոչխարները: Այնտեղ նաեւ հոգւոց կարդացուեցաւ յիշելով եկեղեցւոյ ընդհանուր բարերարները նաեւ յիշուեցան Ս. խորանին ծառայած բոլոր քահանաները:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս տիկնանց յանձնախումբին, դպրաց դասին եւ խնամակալ խորհուրդին, որ իրենց հրաւէրին ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի վայելքը ապահովեցին. կաթողիկոսութեան ալ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իր կարգին հրաւէրին ընդառաջելով, դպրեվանքին սաներուն հոգեւոր  հրաշալի կատարութիւնը վայելեց Ս. Յակոբ եկեղեցին: Ան խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Գարեգին աբղյ. Խտընեանին, որ առաջնորդեց դպրեվանքի սաները:

Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան քարոզը սկսաւ արտասանելով աղօթք մը ուղղուած սուրբերուն` նշելով սուրբերուն օրինակին հետեւելու կարեւորութիւնը: Ան ընդգծեց այժմէական երեւոյթ մը. «Այս օրերուն դժբախտաբար մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սրբոց տօնախմբութիւնները իրենց իսկական նպատակէն շեղելով, դարձած են կերուխումի առիթ մը: Մենք լաւապէս պէտք է սերտենք սուրբերուն կեանքը»:

Այդ սկզբունքէն հակիրճօրէն քարոզեց, թէ ո՛վ է Ս. Յակոբ, ծանօթացնելով անոր կեանքն ու գործերը: «Ս. Յակոբ ծնած է Մծբին քաղաքին մէջ: Ան ընտրեց ճգնաւորի կեանքը` զօրացնելով իր հաւատքն ու կամքը: Իր սրբակենցաղութեամբ  կրցաւ մտնել ժողովուրդի կեանքին մէջ` արժանանալով Մծբին քաղաքի եպիսկոպոսութեան»: Ան աւելցուց, որ Ս. Յակոբ մասնակցած է 325-ին Նիկիոյ մէջ տեղի ունեցած առաջին տիեզերական ժողովին, ուր պաշտպանած է քրիստոնէական վարդապետութեան ուղղափառութիւնը:

Ան մէջբերումներ կատարելով Աւետիս Ահարոնեանի նկարագրումներէն «Ս. Յակոբ եօթը անգամ փորձեց բարձրանալ Արարատի գագաթը», նաեւ անուանեց Ս. Յակոբին` «կամքի դուռ» անուանակոչումով, «որովհետեւ այնքան զօրաւոր հաւատք ունէր, որ Մծբինէն գնաց Արարատեան դաշտ` Արարատի վրայ Նոյեան տապանը փնտռելու»:

 

Share this Article
CATEGORIES