ԼՕԽ-ի «Կազդուրման Կայան»-ի Փոքրիկներուն Ամանորը

1214lokhՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին, շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կազդուրման կայանի փոքրիկներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը:

85 փոքրիկներ 2 ժամուան ընթացքին, յանձնախումբին եւ «Ուրախ տարեդարձ» խումբին հետ անցուցին անմոռանալի պահեր:

Յանձնախումբի ատենապետը իր բացման խօսքին մէջ բոլոր փոքրիկներուն ծանօթացուց ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ «Անմոռուկ» ծաղիկին նշանակութեան:

Ապա փոքրիկները մասնակցեցան դաստիարակչական եւ հաճելի խաղերու` շահելով նուէրներ: Անոնք հիւրասիրուեցան Ամանորի յատուկ անուշեղէններով:

Ձեռնարկին աւարտին Կաղանդ պապուկի ժամանումը մեծ հրճուանք պատճառեց բոլոր փոքրիկներուն, որոնք Կաղանդ պապուկին հետ միասնաբար պարեցին հայկական պարեր եւ երգեցին տօնական երգեր:

Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ գրադարանի փոքրիկները: Բոլորն ալ ստացան իրենց նուէրները  Կաղանդ պապայէն:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը տպաւորիչ եւ անմոռանալի յիշատակներ դրոշմեց կարիքաւոր փոքրիկներուն սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES