Հրդեհ` Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի Հիմնական Շէնքին Մէջ
Կիրակի կէսօրէ առաջ հրդեհ մը ծագեցաւ քաղաքի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին հիմնական շէնքին մէջ: Շէնքին առաջին յարկը գրեթէ ամբողջութեամբ հրկիզուեցաւ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն տեղեկացուցին, որ շէնքին կառոյցին վնաս չէ հասած, վնասը հասած է միայն այդ յարկին մէջ գտնուող դպրոցական գոյքին եւ համակարգիչներուն: Այսօր կամ վաղը աւելի մանրամասն վնասուց գնահատում պիտի կատարուի:

