Աբրահամեան Վրաստանի Նախագահը 24 Ապրիլին Հրաւիրած Է Հայաստան

1214Hovig_margvelashviliՎրաստանի նախագահի նստավայրին մէջ ուրբաթ օր տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի տեսակցութիւնը:

Զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ կարեւոր նկատած անոնց շարունակական խորացումը: Հայաստանի վարչապետը եւ Վրաստանի նախագահը գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակէն  եւ ընդգծած, որ պէտք է ջանքեր գործադրել առեւտրական-տնտեսական գործակցութիւնը եւս այդ մակարդակին հասցնելու ուղղութեամբ: Կողմերը յոյս յայտնած են, որ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը շարունակեն կեանքի կոչուիլ` ի շահ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներու:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ համարկման հոլովոյթներուն երկու երկիրներուն  մասնակցութեան եւ շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Վրաստանի նախագահին փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը` ներկայ գտնուելու 24 ապրիլ 2015-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան:

Վրաստանի նախագահը իր կարգին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ հայ ժողովուրդին յայտնած է իր ջերմ բարեմաղթանքները:

Յովիկ Աբրահամեանի եւ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի դռնփակ տեսակցութենէն ետք Վրաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային ճաշ` կառավարական պատուիրակութեան անդամներուն  մասնակցութեամբ: Քննարկուած է փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ մարզերու մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքը, կարեւոր նկատուած է այդ ուղղութիւններով համագործակցութեան ընդարձակումը:

 

Share this Article
CATEGORIES