Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլոյի Քաղաքապետ. «Ես Հպարտ Եմ, Որ Հայ Եմ»

1214Jack HadjinianՔալիֆորնիոյ շրջանի Մոնթեպելլօ քաղաքի ղեկավար Ճեք Հաճինեան Հայոց ցեղասպանութիւն վերապրածի թոռ է, ուստի 2015-ին, երբ պիտի նշուի ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, հետաքրքրական պիտի ըլլայ հայկական ծագումով առաջին քաղաքապետին համար: Այս մասին` ըստ news.am-ի` EGP-ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է ինք` Ճեք Հաճինեան:

Պարբերականը կը նշէ, որ քաղաքային խորհուրդի անդամը պատմութեան մէջ մտած է իբրեւ առաջին ամերիկահայ, որ դարձած է Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ:

«Ասիկա յատուկ զգացում է, ես հպարտ եմ, որ հայ եմ, սակայն ես կը ներկայացնեմ բոլորը», ըսած է նոր քաղաքապետը` աւելցնելով, որ ինք պիտի կեդրոնանայ գործարարութեան զարգացման, անվտանգութեան ապահովման, քաղաքի մաքրութեան եւ քաղաքային ծառայութիւններու լաւ աշխատանքին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES