Ուու Շու – Քոնկ Ֆու. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Տիրացաւ Եօթը Ոսկի Մետալի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Ուու շու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած Թաու լուի մրցումները:
Այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 120 երկսեռ մարզիկներ` տարբեր ակումբներէ, որոնց կարգին` Պել Հորիզոն, Անթունիէ Պաապտա, Այնճար Ամիթի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Սանթրալ Ժունիէ, «Էն. Տի. Եու.» եւ Թայկըրզ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասէն իրենց մասնակցութիւնը բերին հինգ մարզիկներ` Վիգէն Տեմիրճեան, Աւօ Մանճեան, Յակոբ Գայապալեան, Սեւան Սերոբեան եւ Փաթիլ Եագուպեան, իրենց մարզիչ ունենալով միջազգային իրաւարար Աւետիս Սերոբեան:
Մասնակցելով եօթը տարբեր մարզաձեւերու` ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկները տիրացան եօթը ոսկի մետալներու: Աւօ Մանճեան եւ Սեւան Սերոբեան տիրացան երկուքական ոսկի մետալի, իսկ մնացեալ երեքը` մէկական ոսկի մետալի:

