Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին ՔԱՀԼ

1204_CAHLԼիբանանի մէջ կը նշուին միջազգային գրեթէ բոլոր տօները, բացի` Գոհաբանութեան օրէն (Tհanksgiving Day): Մեկնելով այդ տօնին նպատակէն, որն է` շնորհակալութիւնք յայտնել Աստուծոյ իր տուած բարիքներուն համար, նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, հինգշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2014-ին Հայ աւետարանական քոլեճի ԺԱ. դասարանի աշակերտները վարժարանի տնօրէնին արտօնութեամբ եւ ուսուցիչներուն քաջալերանքով, իրենց դաստիարակին ընկերակցութեամբ այցելեցին ՔԱՀԼ եւ քանի մը ժամ անցուցին ծերերուն հետ, որոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանի  Ցեղասպանութենէն ետք առաջին սերունդին, եւ որոնց շնորհակալ պէտք է ըլլալ, որ գոյատեւեցին ծանր ժամանակներու եւ փորձութիւններու, եւ իրենց այդ կամքին շնորհիւ է, որ մենք այժմ կ՛ապրինք: Արդարեւ, աշակերտները ծերերուն նուիրեցին մսուր մը, եփեցին տաք եւ համեղ ճաշեր, նաեւ` կարկանդակ, ծերերուն համար նուագեցին ու երգեցին Ս. Ծննդեան նուիրուած հոգեւոր երգեր: Իսկ ծերերը, իրենց կարգին, անոնց պատմեցին յիշատակներ իրենց մանկութենէն:

Աշակերտներուն մաղթանքն է, որ իրենց այս նախաձեռնութիւնը ներշնչում մը ըլլայ բոլոր երիտասարդներուն, որ շնորհակալ ըլլան Աստուծոյ տուած բարիքներուն համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )