Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի Բացում

1209_yeghisheԵրեքշաբթի, 9 դեկտեմբերի  առաւօտեան  ժամը  10:30-ին, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի Տիկնանց  միութեան կազմակերպած «Աւանդական  տօնավաճառ»-ի բացման պաշտօնական  հանդիսութիւնը` նախագահութեամբ Սալբի Գասպարեանի:

Տօնավաճառի բացումէն ետք խօսք առաւ  Տիկնանց  միութեան ատենապետ Նայիրի Ադամեանը: Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ  Տիկնանց միութիւնը, յենելով  դպրոցի  ծնողներուն ու բարեկամներուն բարի կամքին  ու  աջակցութեան, փորձած է աւանդական  տօնավաճառին ընդմէջէն այս տարի  եւս տօնական ուրախ ու աշխուժ  մթնոլորտ   ստեղծել դպրոցէն ներս:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց  տիկնանցի նախկին անդամ Սալբի Գասպարեանին, որ սիրայօժար ընդունած է տօնավաճառին նախագահութիւնը:

Ապա ան հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ  Ղազարեանը եւ Սալբի Գասպարեանը` միասնաբար հատելու քոլեճին նշանակը կրող  կարկանդակը:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին մանկապարտէզի աշակերտները հանդէս եկան Ամանորի երգերով ու արտասանութիւններով:

Ապա ներկաները առիթը ունեցան այցելելու  տօնավաճառի  սեղանները, ուր  ճաշակաւոր  կերպով  տեղադրուած  էին` հայկական  զարդանմուշներ, գեղանկարներ, Կաղանդի  յատուկ կողովներ, ձեռագործներ, հայկական  գինի, չիրեր, խաղալիքներ ու  նուէրի  յարմար այլազան իրեր:

Նշենք, որ տօնավաճառը բաց մնաց մինչեւ ուրբաթ, 12 դեկտեմբեր եւ իւրաքանչիւր օր քոլեճի նախակրթարանի կարգերէն աշակերտներ ներկաներուն հրամցուցին Ամանորի ու Ս. Ծննդեան երգեր, արտասանութիւններ ու նուագ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )