Բենօ Թոնդեան Ոչ Եւս Է

1215_peno-tontianԿեանքէն անժամանակ հեռացաւ սփիւռքահայ հասարակական կեանքին վերջին յիսնամեակի եզակի դերակատարներէն մէկը: Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ, Բենօ Թոնդեան իր համալսարանական ուսման նախանշած ասպարէզէն տարբեր հարթակներու վրայ ծաւալեց իր շնորհները: Ան եղաւ ուսուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավար, «Ազդակ» օրաթերթի ու «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն ու ազգային շինարարական ծրագիրներու վերահսկիչ: Ան նախընտրեց, լուսարձակներէ հեռու լուռ աշխատանքով արժեցնել իր բազմակողմանի գիտելիքները, միշտ հասնելով հոն, ուր բաց մը կար ու կարիքը կը զգացուէր իր ներդրումին:

Ղարաբաղեան շարժման հիւսիսային Հայաստանի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն, Հայաստանի եւ Արցախի անկախացման համար պայքարին, պետականութեան կայացման ու անվտանգութեան ապահովման համար թափուած ճիգերուն Բենօ Թոնդեան բերաւ անվերապահ ու գործօն մասնակցութիւն: Իբրեւ անդամ ՀՅ Դաշնակցութեան այլազան մարմիններուն, մինչեւ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատու դիրքը, Բենօ Թոնդեան, մինչեւ վերջերս իր առողջութեան քայքայումը ջանք ու եռանդ չխնայեց հայ ժողովուրդի ու հայոց հայրենիքի անժամանցելի իրաւունքներու վերատիրացման ի խնդիր:

Յարգանք իր յիշատակին:

Share this Article
CATEGORIES