Ռուստամեան. «Ինչ Որ Կ՛ուզէինք, Կը Ստանայինք, Չհասկցայ Ի՞նչ Պէտք Կար Պոյքոթին»

1215_Ռօստ-ԱրծվիկՀայաստանի Ազգային ժողովի 4 խորհրդարանական խմբակցութիւնները` Հայ ազգային քոնկրեսը, Ժառանգութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստանը եւ Օրինաց երկիրը, երէկ պոյքոթի ենթարկած են խորհրդարանի արտակարգ նիստը` պահանջելով մինչեւ օրակարգի միւս հարցերուն անցնիլը, արտակարգ նիստ հրաւիրել եւ  քննարկման առարկայ դարձնել Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Մանուկեանը ծեծի ենթարկելու փաստը, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն երկրին մէջ արձանագրուած բռնութեան դէպքերը:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան առաջարկած է Ազգային ժողովի նախագահին մօտ տուեալ հարցին շուրջ խորհրդակցութիւն կայացնել` ընդգծելով, որ կը դատապարտեն ե՛ւ ազատամարտիկներուն, ե՛ւ Արամ Մանուկեանին հետ տեղի ունեցածը:

«Խորհրդակցելով գտնենք ձեւը արձագանգելու` դատապարտման եղանակով, Ազգային ժողովին կողմէ, եւ ատոր համար մենք կ՛առաջարկենք 20 վայրկեան  ընդմիջում», ըսած է Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը:

Շուրջ 20 վայրկեան խորհրդակցելով խորհրդարանական խմբակցութիւններու  ղեկավարներուն հետ` Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան յայտարարած է, որ ընթացող նիստը ընդհատել չեն կրնար, բայց պատրաստ են դատապարտող յայտարարութիւն ընդունելու:

«Եթէ յարմար գտնենք, կրնանք երեկոյեան  արտակարգ նիստ հրաւիրել այդ կապակցութեամբ, բայց այս արտակարգ նիստը ընդհատելու մասին խօսքը օրէնքներու հետ ոչ մէկ կապ ունի, ատիկա անկարելի հոլովոյթ է»,  ըսած է Ազգային ժողովի նախագահը:

Գալուստ Սահակեանի այս յայտարարութիւնը չէ բաւարարած ընդդիմադիր ուժերը` բացի Դաշնակցութենէն: Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավարը յայտարարած է նիստը պոյքոթի ենթարկելու մասին եւ ընդդիմադիրները դուրս եկած են դահլիճէն:

Ի պատասխան ընդդիմադիրներու այս որոշումին, Գալուստ Սահակեան յայտարարած է, թէ անոնք խորհրդարանի աշխատանքը պարզապէս կ՛ուզէին ձախողեցնել, բայց չկրցան: Ամէն պարագայի, Սահակեան ըրած է առաջարկ մը` ներկայացնելով բռնութիւնները դատապարտող յայտարարութեան նախագիծ:

«Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը, խորապէս մտահոգ ըլլալով վերջին օրերուն մեր երկրին մէջ յայտնի գործիչներու  նկատմամբ բռնութիւն կիրարկելու անընդունելի երեւոյթներով, ակնկալելով իրաւապահ մարմիններու գործնական եւ անաչառ գործունէութիւնը մեղաւորները կարելի եղածին չափ արագ բացայայտելու եւ օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատասխանատուութեան ենթարկելու համար, կը յայտարարէ, որ խստօրէն կը դատապարտէ որեւէ ոտնձգութիւն ոեւէ քաղաքացիի եւ յատկապէս քաղաքական ու քաղաքացիական գործիչներու նկատմամբ», յայտարարութեան բովանդակութեան իր տարբերակը ընթերցած է Ազգային ժողովի  նախագահը:

Գալուստ Սահակեան առաջարկած է խորհրդարանական բոլոր ուժերուն միանալու այս նախագիծին` ընդգծելով, որ պատրաստ են ձեւակերպումներուն մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու, սակայն արտակարգ նիստ հրաւիրելու մասին Ազգային ժողովի նախագահը ոչինչ ըսած է:

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի փոխանցած է, որ նիստը պոյքոթի ենթարկած ուժերով այժմ կը պատրաստեն արտակարգ նիստ հրաւիրելու մասին որոշման նախագիծ, եւ անհրաժեշտ 44 ստորագրութիւններ ապահովելու համար պիտի դիմեն նաեւ իշխող Հանրապետականին:

«Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան  նշած է, որ Ազգային ժողովի նախագահին մօտ խորհրդակցութեան հրաւիրուած եւ համաձայնութիւն գոյացած է, որ երէկուան  նիստին աւարտէն ետք գումարուի արտակարգ  նիստ, ուր կ՛ընդունուի յայտարարութիւնը: «Այս բոլորը համաձայնեցնելէ ետք, մեր կարծիքով, պոյքոթը տրամաբանական չէ: Անշուշտ, մենք կը յարգենք մեր գործընկերներուն դիրքորոշումը, բայց եթէ կը լուծուի հիմնական նպատակը` դատապարտող յայտարարութիւն ընդունիլ արտակարգ նիստին ընթացքին, այս ժամանակն ալ օգտագործուէր, որպէսզի մշակուէր այդ յայտարարութեան բովանդակութիւնը, այս բոլորէն ետք պոյքոթի ենթարկել, որ քանի տակաւին այդ արտակարգ նիստը չէ եղած, պիտի  չշարունակեն այս արտակարգ նիստը, ատիկա ուղղակի հակասահմանադրական պահանջ է», ըսած է Արմէն Ռուստամեան: Ան աւելցուցած է, որ արտակարգ նիստը գումարուած է նախաձեռնողին սահմանած օրակարգով եւ ժամանակին մէջ, այսինքն` յստակ սահմանուած է, որ նիստը պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին եւ պիտի տեւէ այնքան, մինչեւ որ օրակարգը սպառի, կամ նախաձեռնողը որոշէ, թէ յետոյ ի՛նչ պիտի ընէ: «Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէին նիստի ընդհատումը: Նիստը ընդհատելը կը նշանակէ հակասահմանադրական քայլ կատարել: Ատոր  համար մենք առաջարկած էինք այն լուծումը, որ չէր հակասեր սահմանադրութեան, կ՛ընդունուէր յայտարարութիւն, որ կը դատապարտէր այդ գործողութիւնները` տալով քաղաքական գնահատական», ըսած է ան: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ քաղաքական ուժերու առաջարկը հասած էր իր նպատակին, խնդիրներ չէին մնացած`  հակասութիւններ յառաջացնելու համար, եւ պոյքոթը այդ պայմաններուն մէջ, ըստ Ռուստամեանի, իմաստ եւ տրամաբանութիւն չունէր: Իսկ թէ ի՞նչ պէտք է ըլլար ըստ ընթացակարգի, պատգամաւորը նշած է, որ այսօր քաղաքական ուժերը պէտք է ստորագրահաւաք սկսէին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ալ տուած էր իր համաձայնութիւնը, եւ վեց խմբակցութիւններու կողմէ պիտի մշակուէր յայտարարութիւններու բովանդակութիւնը: «Մեր ուզածը կը ստանայինք, չհասկցայ ի՞նչ պէտք կար պոյքոթին», ըսած է Ռուստամեան: Հարցումին, թէ ժողովը պոյքոթի ենթարկելէ ետք ի՞նչ վերաբերում պիտի դրսեւորէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է. «Հիմա ես չեմ գիտեր, թէ այս իրավիճակին մէջ ի՛նչ կ՛ըլլայ, կամ ո՛վ պիտի աշխատի այդ յայտարարութեան բովանդակութեան վրայ, չէ՞ որ քաղաքական ուժերը պէտք է աշխատանքային խումբ ձեւաւորէին եւ աշխատէին»:

«Առաւօտ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին,  պատասխանելով այն հարցումին, թէ եղա՞ծ են դէպքեր, երբ ՀՅԴ-ն մասնակցած է որոշ հարցերու մէջ  ընդդիմադիրներու պոյքոթին եւ ատիկա հակասահմանադրական ըլլալու մասին ոչինչ  ըսած է, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան պատասխանած է. «Միայն ատով չենք բացատրեր պոյքոթին մեր չմիանալը: Երբ ցանկութիւն կայ, որ, այո, գնահատական պէտք է տրուի, չկայ տարակարծութիւն, քաղաքական մեծամասնութիւնը նոյնպէս կ՛ընդունի, որ երեկոյեան պէտք է հրաւիրուի արտակարգ նիստ, ատոր ընթացք կը տրուի, հիմնաւորումը ի՞նչ է, որ պոյքոթի ենթարկես: Եւ մեր որոշման պատճառը հետեւեալն է. ասիկա արտակարգ նստաշրջան է, ուր օրակարգի վրայ այնպիսի հարցեր կան, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին: Ոչ այնքան վարկերը, որքան հարկային արտօնութիւններու խնդիրը, որ պէտք է քննարկուի կամ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն բխող օրէնսդրական փոփոխութիւնները, որոնք գործարարներու   հարկային խնդիրները պէտք է լուծեն: Ասոնք հարցեր են, որոնք պէտք է քննարկման առարկայ դառնան: Այլ բան, որ մենք դէմ ենք արագընթաց քննարկումներուն: Ինծի համար անհասկնալի է` եթէ միայն շաբաթ մը առաջ Եւրասիական տնտեսական միութեան համաձայնութեան կողմ կը քուէարկեն, եւ հիմա եկած է այդ համաձայնութենէն բխող որոշ գործողութիւններ ընելու հարցը, ինչպէ՞ս ատիկա պոյքոթի կ՛ենթարկեն: Եթէ  պոյքոթը կը վերաբերի ձեւին եւ ստեղծուած վիճակին, որ բռնութիւններուն պէտք է Ազգային ժողովի կողմէ պատասխան տրուի, անպայման ատիկա պէտք է կատարուի: Հոս մենք համակարծիք ենք: Գալուստ Սահակեան  համաձայն է: Բայց եթէ մենք միայն ձեւ կ՛ընենք եւ կ՛ուզենք պոյքոթի ենթարկել, որովհետեւ չենք ուզեր  քննարկման մասնակցիլ, ատոր այլ հիմնաւորում պիտի տրուէր»:

Արծուիկ Մինասեան նաեւ նշած է, որ ոչ իշխանական խմբակցութիւններու ղեկավարները Գալուստ Սահակեանին հետ հանդիպման ընթացքին վերջնագիր չեն ներկայացուցած, որ իրենց պահանջը բաւարարելու կամ չբաւարարելու պարագային  պիտի չմասնակցին քննարկման: «Եթէ ըլլար` արդար կ՛ըլլար, որ ատիկա սկիզբէն  պայմանաւորուէր, համաձայնութիւն չգոյացնէին, ապա ըսէին: Անդրադարձի մասով կայ   համաձայնութիւն, որ պէտք է ըլլայ, այլեւս ի՞նչու  պոյքոթի կ՛ենթարկես: Թէ որն է ոչ իշխանականներու այդ պոյքոթին իմաստը, չեմ կրնար հասկնալ: Խնդիրը տեղի ունեցածը շահարկելը չէ: ԵթԷ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բան մը պարտադրելու խնդիր կայ, ատիկա հոլովոյթի մը մէջ պէտք է հասունցնես, ոչ թէ ձեւական առումով փորձես տապալել Ազգային ժողովի նիստը: Անշուշտ, ատոր անհրաժեշտութիւնն ալ կայ, երբ եղած են դէպքեր, որ չես կրցած ազդեցութիւն ունենալ տարբեր օրէնքներու  վերաբերեալ, փորձած էք այդ մեքանիզմը կիրարկել, բայց այս պարագային պէտք է խնդիրը քննարկես: Եւ յետոյ գործընկերութիւնը կ՛ենթադրէ, որ եթէ  բան մը կը քննարկես, պէտք է սկիզբէն մարդիկ ներգրաւես քննարկման: Եթէ չես ներգրաւեր, կու գաս որոշում մը կը պարտադրես, մեզի համար ընդունելի չէ այդ տարբերակը»:

 

Share this Article
CATEGORIES