Արտակարգ Նիստը Տապալեցաւ
Ազգային Ժողովին Մէջ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Խմբակցութեան Պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեան Լրագրողներուն Յայտնած Էր, Թէ Արտակարգ Նիստ Հրաւիրելու Համար Ոչ Իշխանական Չորս Խմբակցութիւնները Հաւաքած Էին 44 Պատգամաւորի Ստորագրութիւն: Երէկ Երեկոյեան Հրաւիրուած Է Ազգային Ժողովի Արտակարգ Նիստը, Սակայն, Ինչպէս Կը Սպասուէր, Նիստը Տեղի Չէ Ունեցած Պատգամաւորներու Ներկայութեան Օրինաթիւ Չապահովելու Պատճառով, Որովհետեւ Արձանագրուած Է Միայն 45 Պատգամաւոր: «44 Ստորագրութիւն Եղած Է, Սակայն Ես Եւ Տիկին Փոխնախագահը Չենք Ստորագրած, Ատիկա Կը Նշանակէ, Որ 43 Պատգամաւոր Նստած Էք», Ըսած Է Ազգային Ժողովի Նախագահը` Յիշեցնելով, Որ Նիստին Համար Անհրաժեշտ Օրինաթիւը Չէ Ապահովուած:

