Օհանեան Եւ «Մայքրոսոֆթ»-ի Ներկայացուցիչը Քննարկած Են Տեղեկատուութեան Անվտանգութեան Հարցեր
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ տեսակցած է «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հասարակական անվտանգութեան եւ ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան հարցերով շրջանային տնօրէն Ռոպերթ Քոսլայի հետ:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են «Մայքրոսոֆթ»-ի առաջարկած ծառայութիւնները, անվտանգութեան մարզին մէջ տեղեկատուութեան տրամադրման մեքանիզմները, համացանցային անվտանգութեան մարզին մէջ ընկերութեան աջակցութեամբ տարբեր երկիրներու մէջ իրականացուող ծրագիրները:
CATEGORIES Հայկական

