Նոր Հարցաքննութիւններ Տինքի Սպանութեան Գործով

Ճելալետտին Ճերահ
Պոլսոյ քրէական գործերով դատարանին մէջ Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբացուած հետաքննութեան ծիրին մէջ, երէկ վկայութիւններ տուած է Ճելալետտին Ճերահ, որ Տինքի սպանութեան ժամանակաշրջանին քաղաքային ոստիկանութեան ղեկավարն էր:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, հարցաքննութիւնը վարած է Պոլսոյ գլխաւոր դատախազի տեղակալ, դատախազութեան ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարի վարչութեան պետ Եուսուֆ Հաքը Տողան: Հարցաքննութեան մանրամասնութիւնները յայտնի չեն:
Ոստիկանութեան նախկին ղեկավարը, ըստ «Հիւրիէթ»-ի, մերժած է պատասխանել դատարանի շէնքին մօտ հաւաքուած լրագրողներու հարցումներուն:
CATEGORIES Հայկական

