Պարզանի Հաստատած Է Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ Հայերէնը Պաշտօնական Լեզու Ճանչնալու Օրինագիծը

Մեսութ Պարզանի
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մեսութ Պարզանի հաստատած է պաշտօնական լեզուի մասին օրէնքը, ըստ որուն, ինքնավարութեան տարածքին մէջ քրտերէնէն եւ արաբերէնէն բացի պաշտօնական լեզու դարձած են թուրքմեներէնը, ասորերէնն ու հայերէնը:
Քրտական ինքնավար շրջանի խորհրդարանի նախագահ Թարըք Ճեւհեր «Ռուտաու»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ պաշտօնական լեզուի վերաբերեալ օրինագիծը քրտական խորհրդարանը որդեգրած է 29 հոկտեմբերին, իսկ 20 նոյեմբերին անիկա հաստատման համար ներկայացուած է նախագահ Պարզանիի, որ վաւերացուցած է զայն: Որպէսզի օրէնքը ուժի մէջ մտնէ, նախագահը զայն ուղարկած է կառավարութեան:
Խօսելով պաշտօնական լեզուի մասին օրէնքին վերաբերեալ` Ճեւհեր յայտնած է. «Անիկա բաղկացած է 27 յօդուածէ: Առաջին յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Իրաքի եւ քրտական շրջանին մէջ պաշտօնական լեզուներն են քրտերէնն ու արաբերէնը: Իսկ արդէն երկրորդ յօդուածով կը սահմանուի, որ թուրքմեներէնը, ասորերէնն ու հայերէնը այն շրջաններուն մէջ, ուր կը բնակին այս լեզուներով խօսող փոքրամասնութիւնները, քրտերէնին հետ միասին կ՛ընդունուին իբրեւ պաշտօնական լեզու»:

