«Ղազախստան Պիտի Վաւերացնէ Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միանալու Համաձայնագիրը» Կ՛ըսէ Նազարպայեւ

Նուրսուլթան Նազարպայեւ

Նուրսուլթան Նազարպայեւ

Ռուսիոյ կառավարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ 14 դեկտեմբերին Ասթանայի մէջ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Ղազախստան պիտի վաւերացնէ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու համաձայնագիրը:

Այս յայտարարութիւնը կը բացակայի Ղազախստանի նախագահի կայքէն:

«23 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ, մենք պիտի վաւերացնենք Հայաստանի անդամակցութիւնը», ըսած է Նազարպայեւ:

23 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական տնտեսական միութեան բարձրագոյն խորհուրդի նիստ` պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով:

Համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յունուար 2015-ին: 10 դեկտեմբերին փաստաթուղթը վաւերացուց Ռուսիոյ Տուման: Զայն պէտք է վաւերացնեն նաեւ Ղազախստանն ու Պիելոռուսիան:

 

Share this Article
CATEGORIES