Ընկերային Ու Քաղաքական Թղթածրարներու Քննարկման Զուգահեռ. Առեւանգուած Զինուորականներուն Հարցը Դարձեալ Կը Բռնկի

1215_Sitin-Riad-SolhԱյն միջոցին, երբ երկրի վարիչներն ու պատկան կողմերը լծուած էին երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային հարցերու քննարկման, առեւանգուած զինուորականներուն հարցը վերստին բռնկեցաւ` առանցքը կազմելով պատկան կողմերու խորհրդակցութեանց: Արդարեւ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եան Իլիասոն անջատ հանդիպումներ ունեցաւ երկրի վարիչներուն հետ` քննելով շրջանի եւ Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը: Նմանապէս, Լիբանան այցելեց աւստրալիացի եպիսկոպոսներու մէկ պատուիրակութիւնը` քննելու համար Լիբանանի մէջ իրաքցի գաղթականներու հարցը: Քաղաքական եւ ընկերային, յատկապէս սուրիացի գաղթականներու հարցին գծով վարչապետարանին մէջ գումարուած միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեանց խորհրդակցութիւններուն զուգահեռ, ապահովական թղթածրարը դարձեալ իր վրայ կեդրոնացուց բոլորին ուշադրութիւնը:

Արդարեւ, երէկ կէսօրէ առաջ առեւանգուած զինուորականներու կարգ մը ծնողներ նոր սպառնալիքներ ստացան առեւանգող կողմերէն, որոնք պահանջեցին սաստկացնել ծնողներուն բողոքի ելոյթները եւ կառավարութիւնը մղել բանակցութեան, այլապէս անոնց զաւակներուն մահապատիժը պիտի կիրարկուի: Առեւանգեալ զինուորականներէն Խալետ Մուքպել իր ծնողքին հետ կապ պահելով յայտնեց, որ նոր զոհ մը պիտի արձանագրուի, եթէ կառավարութիւնը անտեսէ կամ ձգձգէ բանակցութեան քայլը: Հեռաձայնային այդ կանչը բաւարար էր բռնկեցնելու առանց այդ ալ տառապող ծնողներու տրամադրութիւնը, երբ անոնք սկսան հրկիզել անիւներ եւ սպառնացին իրենց կարգին սաստկացնել իրենց քայլերը:

Աւելի ուշ, առեւանգուած զինուորականներու ծնողներէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի` պահանջելով անմիջական լուծում գտնել իրենց հարցին:

«Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ծնողներու մէկ պատուիրակութիւնը պիտի փորձէ տեսակցիլ նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

Ծնողներուն կողմէ լրատուամիջոցներուն կատարուած յայտարարութեանց համաձայն, լիբանանեան պաշտօնական աղբիւրներ առեւանգող կողմերուն յայտնած են. «Եթէ կ՛ուզէք, սպաննեցէք զինուորականները, մենք զանոնք նահատակներ կը նկատենք»: Սակայն պաշտօնական աղբիւրներ փութացին հերքել նման յայտարարութիւն` վերահաստատելով իրենց յանձնառութիւնը, ազատագրելու առեւանգեալ զինուորները: Այս գծով բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռուած է Արսալի ուղղութեամբ, ուրկէ պիտի գուժուի ահաբեկիչներու սպառնալիքներուն գործադրութիւնը: Սակայն խաղաղարար նոր միջնորդ շէյխ Ուիսամ Մասրի «տրամադիր է լուսարձակներէ հեռու բանակցելու առեւանգողներուն հետ, եթէ կառավարութիւնը համաձայն գտնուի», յայտնեցին «Օ.Թի.Վի.»-ի աղբիւրներ:

Ժամիլ Սէյիտ

Ժամիլ Սէյիտ

Ապպաս Իպրահիմ

Ապպաս Իպրահիմ

Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Ալեն Աուն «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ յայտնեց, որ «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը արգելք չէ առեւանգեալ զինուորականներու փոխանակման գաղափարին, սակայն մեր առաջնահերթութիւնը անոնց ազատ արձակումն է»: Իր կարգին, ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ երէկ երեկոյ յայտնեց, որ Սուրիա տրամադիր է ապահով անցք մը տրամադրելու զինեալներուն, որպէսզի անոնք Արսալի բարձունքներէն հեռանան դէպի Սուրիա` փոխարէնը ազատ արձակելով բոլոր զինուորականները»: Սէյիտ անհրաժեշտ նկատեց, որ այս հարցին լուծումը վստահուի լիբանանեան բանակին:

Իսկ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ըսաւ. «Երբ խոհարարները շատնան, ճաշը կ՛այրի»` ընդգծելով, որ ցարդ բազմաթիւ բանագնացներ փորձեցին միջնորդել, սակայն ոչ ոք կրնայ փոխարինել պետութիւնը: Իպրահիմ ձայնասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտեց, որ ինք «իրապաշտ եւ առարկայական մօտեցումով կ՛աշխատի եւ երբ արդիւնքի մը յանգի, հրապարակաւ պիտի յայտարարէ զայն»: Իպրահիմ նաեւ յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն ընդհանուր ապահովութեան կեդրոն մը պիտի բացուի Արսալի մէջ: Նմանապէս առողջապահութեան, նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, թէ պետութիւնը չէ ընդհատած բանակցութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES