Երկար Ընդհատումէ Ետք. Քարիւղի Պեղման Եւ Օգտագործման Հրամայականը` Դարձեալ Օրակարգի Վրայ

1215_berriԼիբանանեան ծովափէն քարիւղի արտադրման հարցը երկար ընդհատումէ ետք երէկ դարձեալ սեղանի վրայ արծարծուեցաւ, երբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այս գծով ժողով մը գումարեց ուժանիւթի նախարար Արթիւր Նազարեանի եւ ուժանիւթի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանիի հետ` ներկայութեամբ Պըրրիի խորհրդական Ալի Համտանի:

Ժողովի աւարտին նախարար Նազարեան շեշտեց այս հարցին անյապաղ քննարկման կարեւորութիւնը, յատկապէս որ «կայ թշնամի մը, որ կ՛ուզէ օգտագործել լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող ջուրն ու քարիւղը»: Նազարեան խիստ կարեւոր նկատեց խոհրդարանի նախագահին փոխանցած տեղեկութիւնները այս առնչութեամբ` շեշտելով այս հարցին անյապաղ քննարկումը եւ թղթածրարներու վերարծարծումը, վերաշխուժացնելու համար երկրին տնտեսութիւնը:

Իր կարգին, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի անհրաժեշտ նկատեց քարիւղի հարցին գծով յատուկ օրինագիծերու վճռումը` «պաշտպանելու համար մեր իրաւունքները»: Քապպանի նշեց, որ այս հարցը պէտք չէ տարակարծութեան մղէ կողմերը, այլ ընդհակառակն` անհրաժեշտ ճիգերու սերտացում եւ զօրակցութիւն` հեռու քաղաքական վէճերէ, որովհետեւ անոր արդիւնաւորումը ի շահ մեր երկրի ծաղկումին է»: Քապպանի յայտնեց, որ այս գծով հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ նաեւ վարդապետ Սալամին հետ:

Նշենք, որ Պըրրի իր այցելուներուն հետ խորհրդակցութեան ընթացքին արծարծած էր այս հարցը` շեշտելով անմիջական քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը, «հեռու` ժամավաճառութենէ», եւ օգտագործել տնտեսական բոլոր տարածութիւններն ու թոյլ չտալ, որ Իսրայէլ իւրացնէ 870 մղոն ծովային տարածութեան հարստութիւնը: Պըրրի իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց քարիւղի գծով օրինագիծերու մշակումը` առանց յաւելեալ ժամանակ կորսնցնելու:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES