Սուրիացի Գաղթականներու Հարցի Լուծման Ծրագիրին Գծով. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Ներկայացուցիչը Տեսակցեցաւ Երկրին Վարիչներուն Հետ
Սուրիացի գաղթականներու հարցին գծով լուծման ծրագիրի քննարկման ծիրին մէջ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի տեղակալ Եան Իլիասոն երէկ այցելեց Պէյրութ եւ անջատ տեսակցութիւններ ունեցաւ երկրի վարիչներուն հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ երկրի իրավիճակն ու յատկապէս սուրիացի գաղթականներու հոսքին երեւոյթը Լիբանանի մէջ:
Նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի հարցերու յատուկ համակարգող Տերիք Փլամպլիի: «Լիբանանի ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը մեզի համար առաջնահերթութիւն է», ընդգծեց Իլիասոն` նշելով, որ սուրիացի գաղթականներու թիւը զգալիօրէն աճած է Լիբանանի մէջ, ինչ որ կ՛առաջադրէ կրթական, առողջապահական, աշխատանքի հայթայթման եւ այլ կարելիութիւններու ստեղծումը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն գնով օգնելու Լիբանանին` այս հարցի լուծման քայլերը փութացնելու առաջադրանքով: Յետմիջօրէին վարչապետ Թամմամ Սալամ նախագահեց սուրիացի գաղթականներու հարցին գծով համապարփակ ծրագիրի մը պատրաստութեան միտող ժողովին` մասնակցութեամբ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Եան Իլիասոնի եւ պատկան պատասխանատուներուն: Ծրագիրը կը ձգտի յառաջիկայ երկու տարիներուն լուծել այս տագնապին յառաջացուցած հարցերը` օժանդակութեամբ միջազգային ընտանիքին եւ կարող պետութեանց:
Արդարեւ, այս տարեվերջին ՄԱԿ-ի մօտ արձանագրուած սուրիացի գաղթականներու թիւը Լիբանանի մէջ կը հաշուէ 1,2 միլիոն` առանց նկատի ունենալու այն սուրիացիները, որոնք իբրեւ գաղթական չեն արձանագրած իրենց անունները ՄԱԿ-ի մօտ: Այս առիթով Իլիասոն բարձր գնահատեց Լիբանանի հիւրընկալութիւնը` նշելով, որ «այս բեռը ոչ մէկ պետութիւն կրնայ կրել»: ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը խոստացաւ օժանդակել այս հարցի լուծման` միաժամանակ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն կոչ ուղղելով յաւելեալ զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն ցուցաբերելու Լիբանանին: Իր կարգին, վարչապետ Սալամ շեշտեց օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը` մաղթելով, որ այս քայլը պարզ զգուշացում չմնայ եւ անցնի գործնական քայլերու:
Իլիասոն աւելի ուշ շարունակեց իր տեսակցութիւնները լիբանանցի զանազան կողմերու ղեկավարներուն հետ: Այս ծիրին մէջ ան տեսակցեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Նախքան այդ, Իլիասոն հանդիպում ունեցաւ նաեւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պետ:
Նաեւ` Ռոս Մաունթըն
Նմանապէս, Լիբանանի մօտ ՄԱԿ-ի հարցերու յատուկ համակարգողի տեղակալ Ռոս Մաունթըն, որ ներկայ էր վարչապետարանի ժողովին, յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող լիբանանցի ընտանիքները իրենք եւս տնտեսական վատ պայմաններու մէջ կ՛ապրին: Ան խոստացաւ ամէն գնով օժանդակել եւ յաջողեցնել այս ծրագիրը` գործակցաբար լիբանանեան պետութեան հետ:

