Աուն-Ժահժահ Հանդիպումը` Տարեսկիզբին
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ երէկ հաւանական նկատեցին, որ լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ նախատեսուող հանդիպումը տեղի ունենայ տարեսկիզբին:
Այս գծով նախկին նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Աուն-Ժահժահ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ որեւէ պահու, «թէեւ ցարդ ոչինչ կայ»: Ան յայտնեց, որ զօր. Աուն բացաւ Ռապիէի դռները, եւ եթէ Ժահժահի հետ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ, ապա ատիկա պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններու»:
Նաեւ` Ուատիհ Խազեն
Միւս կողմէ, Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն երէկ «Նաշրա» կայքին տուած իր յայտարարութեամբ յայտնեց, որ ինք միաժամանակ խորհրդակցած է Սամիր Ժահժահի եւ զօր. Միշել Աունի հետ անջատաբար` փորձելով իրականացնել գլուխ-գլխի խորհրդակցութիւն մը երկուքին միջեւ: Եւ այս` զուգահեռաբար Մուսթաքպալ-Հըզպալլա ճակատին վրայ տարուող քուլիսային ճիգերուն, որովհետեւ տրամաբանական չէ, որ նախագահական ընտրութեան ազդանշանը նախ եւ առաջ չտրուի պատկան կողմերէն (ակնարկելով Աունի եւ Ժահժահի): Խազեն նշեց, որ Աուն-Ժահժահ հանդիպումը պիտի գայ ամբողջացնելու Մուսթաքպալ-Հըզպալլա մօտալուտ հանդիպումը:

