Բրիտանիոյ Մէջ Բացուած Է Աղքատներուն Համար Առաջին Հանրախանութը

1215_Shop«Տը Ինտիփենտընթ» կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի Լամպեթ թաղամասին մէջ բացուած է Բրիտանիոյ մէջ աղքատներու համար առաջին հանրախանութը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ այս խանութը հարիւրաւոր կարիքաւոր ընտանիքներու պիտի արտօնէ 70 առ հարիւրով գնել այնպիսի մակնիշի մթերքներ, ինչպէս օրինակ` «Մարքս էնտ Սփենսըր» եւ «Էքատօ»: Ապագային կը նախատեսուի յաւելեալ 20 նմանատիպ առեւտրական կեդրոններ բանալ ամբողջ երկրին մէջ:

Այս հանրախանութէն ապրանքներ գնելու իրաւունք պիտի ստանայ այդ թաղամասի 750 բնակիչ: Օրաթերթը կը գրէ, որ արտադրութիւնը, որ այլ հանրախանութներէն պիտի մատակարարուի, կրնայ աւելորդ ըլլալ, սխալ գրառում ունենալ, կրնայ փաթեթաւորումը վնասուած ըլլալ, այսինքն` ասոնք հաւանաբար պէտք է թափուէին կամ անասուններուն կեր դառնային: Սակայն հանրախանութէն կը վստահեցնեն, որ գնորդները պիտի ստանան բարձր որակի ապրանք` ցած գիներով:

 

Share this Article
CATEGORIES