Դանիա Կ՛ուզէ Սեփական Տարածքէն 20 Անգամ Մեծ Տարածք Ստանալ Հիւսիսային Բեւեռին Մէջ
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Դանիա եւ Կրինլանտ ՄԱԿ-ի յանձնախումբին դիմում պիտի ներկայացնեն` Հիւսիսային բեւեռին մէջ իրենց տարածքներու ընդլայնման վերաբերեալ:
Դիմումին մէջ պիտի ներկայացուի պահանջ ձեռք բերելու այնպիսի տարածք, որ քսան անգամ աւելի մեծ է, քան Դանիոյ ներկայ տարածքը:
Կը հաղորդուի, որ այդպիսի դիմումներ ներկայացուցած են նաեւ Քանատան, Նորվեկիան, Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները:
Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարթին Լիտեկորի խօսքով` ամէնէն հաւանականը Հիւսիսային բեւեռի կէտը ստանալը պիտի ըլլայ: «Ատիկա քիչ մը տարօրինակ է, որովհետեւ այնտեղ զգալի ծաւալներով օգտակար հանածոներ չկան եւ անիկա աւելի շատ խորհրդանշական նշանակութիւն ունի», ըսած է ան:
Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ քննարկումները կրնան բաւական բարդ ըլլալ: «Բանակցային հոլովոյթը բարդ պիտի ըլլայ, սակայն մենք համաձայնած ենք, որ ատիկա պիտի կատարուի գիտական հիմքով», ըսած է ան:

