Իրաքցի Պաշտօնատար Մը Կոչ Կ՛ուղղէ Օտարերկրեայ Ուժերու Կողմէ Ցամաքային Գործողութեան Սկսելու
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Իրաքի Անպար նահանգի Պաղտատի շրջանի վարչակազմի ղեկավարը Իրաքի կառավարութեան կոչ ուղղած է` անյապաղ դիմելու Միացեալ Նահանգներուն` ցամաքային զինուորական գործողութեան սկսելու խնդրանքով` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն գրաւած տարածքները ազատագրելու համար:
«Որեւէ այլ կարելիութիւն չկայ Անպարն ու այլ շրջաններ ազատագրելու համար` բացի Միացեալ Նահանգներու կամ այլ օտարերկրեայ զօրքերու կողմէ ցամաքային գործողութիւն իրականացնելէն: Այդ երկիրները ունին ահաբեկիչներուն դէմ պայքարի փորձ եւ այնպիսի զէնքեր, որոնք չունին իրաքցի զինուորները», յայտարարած է ան:
Օպէյտիի խօսքով` զէնքերը, զորս ունին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, որակապէս կը գերազանցեն Իրաքի ունեցած զէնքերը:
CATEGORIES Միջազգային

