«Ամերիկայի Ղեկավարած Դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ին Ապահով Թաքստոց Մը Ունենալ Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Օպամա

Պարաք Օպամա
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները զգուշացուց յայտնելով. «Ամերիկայի ղեկավարած դաշինքը ՏԱՀԵՇ-ին ապահով թաքստոց մը ունենալ պիտի չարտօնէ»:
«Ֆորթ Տիքս» ռազմակայանին մէջ հարիւրաւոր զինուորականներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ Օպամա ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ակնարկելով նշեց. «Թերեւս կը կարծեն, որ կրնան կարգ մը արագ յաղթանակներ արձանագրել, սակայն մեր համբերութիւնը երկար է: Մենք չենք վհատիր: Դուք Ամերիկայի սպառնացիք, սակայն ապահով թաքստոց մը պիտի չգտնէք: Ձեզ պիտի գտնենք ճիշդ ինչպէս բռնատէրերը եւ ահաբեկիչները գտանք: Աշխարհը ձեզ իր ետին պիտի ձգէ եւ առանց ձեզի յառաջ ընթանայ, որովհետեւ ձեր գոյութեան վերջ պիտի տանք»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշեց, որ իր երկիրը կ՛ուղղուի այս տարուան աւարտին վերջ տալու Աֆղանիստանի մէջ իր մարտական առաքելութեան, սակայն ամերիկեան բանակը աֆղանական ապահովական ուժերը մարզելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործողութիւններ կատարելու համար ուժ մը այդտեղ պիտի ձգէ:

