Թուրքիա Կը Քննադատէ Եւրոպական Միութեան Կեցուածքը. «Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հարցը Կը Հիմնուի Պրիւքսէլի Արժէքներուն Եւ Սկզբունքներուն Վրայ» Ըսաւ Մոկերինի

Ֆետերիքա Մոկերինի
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ յիշեցուցած է, որ վերջինիս` Եւրոպական Միութեան հաւանական անդամակցութեան նիւթը «ոչ միայն տնտեսութեան վերաբերող հարց է, այլ նաեւ` արժէքներու եւ սկզբունքներու գնահատման»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին հարցերով եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի` մեկնաբանելով Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ շարք մը այլ քաղաքներուն մէջ ընդդիմադիր լրագրողներու ձերբակալութիւններու փաստը, յայտնած է. «Թուրքիան պէտք է հաշուի առնէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ընթացակարգը ո՛չ միայն տնտեսութեան հարց է, այլ նաեւ` արժէքներու եւ սկզբունքներու»:
Ան խոստացած է «պարզաբանել իրավիճակը»` թրքական կողմին հետ սպասուած հանդիպումներու ընթացքին: Մոկերինի յայտնեց, որ ինք «շատ զարմացած է» Էրտողանի հակազդեցութենէն, մանաւանդ որ այդ կեցուածքը կը յաջորդէ թրքական կառավարութեան հետ «շինիչ» քննարկումներուն: Ներդաշնակ կեցուածքներ ունենալը թրքական շահերէն կը բխի», ըսաւ ան:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննադատութեան ենթարկած է Եւրոպական Միութիւնը, որ դատապարտած էր կիրակի օր Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու ձերբակալութեան դէպքերը:
«Մենք ծունկի պիտի չգանք եւ պիտի չհաշտուինք անոնց հետ, որոնք կեղծ լուրերով կը փորձեն Թուրքիան շեղել իր ուղիէն: Այժմ կարգաւորման հոլովոյթ տեղի կ՛ունենայ, մենք նոր Թուրքիոյ սերմերը կը ցանենք, եւ անոնք, որոնք կ՛ուզեն երկիրը ետ տանիլ, մեզմէ պատասխան պիտի ստանան: Եւրոպական Միութիւնը թող իր գործերով զբաղի եւ միջամտութեան առիթներ չփնտռէ ազգային անվտանգութեան դէմ մեր գործողութիւններուն մէջ», ըսած է Էրտողան:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ձերբակալուածներուն գործով հետաքննութիւնը կը վարեն անկախ քննիչները` Թուրքիոյ օրէնքներուն համապատասխան:
«Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը իրաւունք չունի Թուրքիայէն պահանջելու ազատ արձակել Ֆեթհուլլահ Կիւլենի կողմնակիցները: Ան նշած է, որ Կիւլենի կողմնակիցներու, ներառեալ` լրագրողներու ձերբակալութիւնները քաղաքական բնոյթ չեն կրեր:
«Բոլորը ազատ են մտահոգութիւն յայտնելու լրագրողներու ձերբակալութիւններուն առնչութեամբ: Կրնան նաեւ արդար դատավարութիւն մաղթել կամ կոչ ուղղել, սակայն Թուրքիոյ կառավարութիւնը այսպիսի խիստ քննադատութեան ենթարկելը կամ ըսելը` ազատ արձակեցէ՛ք, ճիշդ չեմ նկատեր», ըսած է ան:
Միւս կողմէ, «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթին մէջ հրապարակած յօդուածը, կը նշէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ անդրադառնալով Ուքրանիոյ ճգնաժամին Ռուսիոյ վարչապետ յայտարարած է. «Եւրոպայի ճամբան ընտրելու մասին ժողովուրդին յայտարարած` Քիեւի ներկայիս ղեկավարներուն Եւրոպական Միութիւնը մօտ չի ձգեր մինչեւ իսկ հեռու դրուած աթոռը: Ուքրանիոյ նայելով միտքս Թուրքիան կու գայ: Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է 51 տարի առաջ: Իբրեւ արդիւնք` Թուրքիան տակաւին կը սպասէ Եւրոպական Միութեան դրան շեմին: Կը յիշեմ` ժամանակին Ռուսիոյ նախկին վարչապետ Վիքթոր Չեռնոմիրտինի այդ նիւթով կատակը.«Ուքրանիան ե՞րբ պիտի մտնէ Եւրոպական Միութեան մէջ: Թուրքիայէն ետք: Թուրքիան ե՞րբ պիտի դառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ: Երբեք»: Ցաւալի է, որ Չեռնոմիրտինի կատակը շատ լաւ ցոյց կու տայ իրականութիւնը»:

