Կաթիլով. «Կը Յուսանք Ամէնէն Մօտ Ժամանակին Միջսուրիական Բանակցութիւններու Նիստեր Գումարել Մոսկուայի Մէջ»

Կենատի Կաթիլով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց. «Միջսուրիական բանակցութիւնները Մոսկուայի մէջ կայացնելու գաղափարը առաջարկեցինք, եւ մենք սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներուն հետ աշխատանք կը տանինք ու կը յուսանք, որ այս գաղափարը մօտիկ ժամանակին իրականութիւն կը դառնայ»:
Կաթիլով ըսաւ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա այս հարցով կը շարունակէ ջանք թափել` նշելով, որ Մոսկուա անոր աշխատանքին կը զօրակցի, իսկ սուրիական տարբեր շրջաններու մէջ զինադադար յայտարարելու անոր նախաձեռնութիւնը կը նկատէ ճիշդ եւ կրնայ Սուրիոյ մէջ կայունութեան ու բանակցութեանց ընթացք առնելուն ձգտող հոլովոյթին մեկնակէտ ըլլալ:
Տը Միսթուրայի բանբեր Ժուլիեթ Թումա յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակը երկուշաբթի գիշեր հասած է Ռիատ, ուր իբրեւ Սուրիոյ եւ սուրիական տագնապը լուծելու միտող քայլ Հալէպի մէջ կռիւը սառեցնելու հիմնական հարցին շուրջ պաշտօնական ժողովներ գումարած է:
Մինչ այդ, լաւատեղեակ աղբիւրներ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ընդդիմադիր Սուրիական ազգային համախոհական խորհուրդը համամիտ գտնուած է Սուրիոյ մէջ կռիւները դադրեցնելու, պայմանով, որ այդ քայլը ներառէ բոլոր ճակատները:
Աղբիւրները նշած են, որ խորհուրդը Տը Միսթուրայի յայտնած է, որ կը մերժէ կռիւը միայն Հալէպի մէջ սառեցնել, եթէ ատիկա չներառէ սուրիական այլ քաղաքները, ինչպէս` Քալամունն ու Տարաան` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ սուրիական վարչակարգը իր ուժերը Հալէպի ճակատէն այլ ճակատներ կրնայ փոխադրել:
Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը ամրապնդած է Հալէպի հիւսիսը գտնուող Մազարեհ Ալմալլահի մէջ եւ կը վերահսկէ Հալէպ քաղաքը համանուն նահանգի գիւղական շրջաններուն հետ կապող կէտին` Քասթալուին: Այլ խօսքով, բանակը Հալէպ քաղաքը առած է ամբողջական պաշարման տակ եւ զայն անջատած Թուրքիոյ սահմանամերձ գիւղական շրջաններէն:

