Շարունակելով Իր Հանդիպումները Արժանթինի Մէջ. «Լիբանան Ահաբեկչութեան Առաջին Զոհերէն Է» Յայտարարեց Ժպրան Պասիլ

1216_Gebran-Bassil«Լիբանան ահաբեկչութեան առաջին զոհերէն է», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ` շեշտելով այս գծով գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի եւ Արժանթինի միջեւ: Երրորդ օրն ըլլալով, շարունակելով իր խորհրդակցութիւնները Պուենոս Այրեսի մէջ, նախարար Պասիլ զանազան տեսակցութիւններ ունեցաւ Արժանթինի պատասխանատուներուն հետ: Ան  այսօր առեւտրական գործակցութեան համաձայնագիր մը պիտի ստորագրէ պատկան կողմերուն հետ:

Share this Article
CATEGORIES