Ըստ Թրքական Բանակի Սպայակոյտի Հետախուզութեան Վարչութեան Նախկին Պաշտօնատարին. Տինքի Սպանութեան Հետ Առնչութիւն Ունին Օտարերկրեայ Գաղտնի Սպասարկութիւններ

Իսմայիլ Փեքին
«Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի հետախուզութեան վարչութեան նախկին պաշտօնատար Իսմայիլ Փեքին պնդած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունին օտարերկրեայ գաղտնի սպասարկութիւնները:
Ան այդ մասին ըսած է Սաքարիայի համալսարանին մէջ «Ցեղասպանութիւնն ու իրողութիւնները» խորագիրով Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ:
«Թուրքերը հայերուն նկատմամբ ատելութիւն չեն զգար: Թերեւս պատերազմի ընթացքին եղած է, սակայն ատկէ դուրս ատելութիւն չկայ: Հայերուն կանխամտածուած չեն սպաննած, ցեղասպանութիւն չէ եղած», պնդած է ան:
Ան յայտնած է, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եթէ լաւ ուսումնասիրուի, պիտի ապացուցուի օտար հետախուզութիւններու ատոր հետ ունեցած կապը:
«Սպանութիւնը գործուած է` այդ հարցերուն մէջ պահանջները, պնդումները ընդունիլ տալու եւ Թուրքիոյ ու Հայաստանի յարաբերութիւններուն վիճակը վատթարացնելու նպատակով: Այս սպանութեան միջոցով թուրք հասարակութեան շրջանակին մէջ հայերու նկատմամբ լաւ վերաբերմունք ձեւաւորուեցաւ», ըսած է Փեքին:
Տաւութօղլու. «Տինքի Սպանութիւնը
Պատահականութիւն Չէր»

Ահմեթ Տաւութօղլու
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու, պատասխանելով «Հապերթուրք» լրատու կայքին հարցումներուն, անդրադարձած է «Ակօս» թերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան: Տաւութօղլու նախ պատմած է, թէ Տինքի հետ ծանօթացած է գիտական գործունէութեան ծիրին մէջ, միասին մասնակցած են շարք մը խորհրդաժողովներու: Անջնջելի տպաւորութիւն ձգած է յատկապէս այն դէպքը, երբ անգամ մը Պոլսոյ փաստաբաններու միութեան մէջ տեղի ունեցած բաց նիստին ընթացքին Տինք խօսք առնելով ըսած է. «Եթէ նոյնիսկ մենք կեաւուր (անհաւատ. «Ա.») ենք, ձեր կեաւուրներն ենք, այս հողերուն կեաւուրներն ենք»:
Տաւութօղլու համոզում յայտնած է, որ Տինքի սպանութիւնը պատահականութիւն չէր: «Բնաւ չեմ կրնար մոռնալ սպանութեան օրը: Լուրը առի եւ տխրեցայ: Անմիջապէս հեռաձայնեցի այդ ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար Ապտիւլլա Կիւլին: Ես Պոլսոյ մէջ էի, ան` Անգարայի մէջ: Առաջարկեցի, որ սփիւռքին կոչ ընենք Պոլիս գալու եւ մասնակցելու յուղարկաւորութեան, հեռաձայնելու եւ պաշտօնապէս հրաւիրելու նաեւ մեր դեսպանները: Կանչեցինք, բոլորը եկան: Իսկական յեղափոխութիւն էր: Ժողովուրդը տէր կանգնեցաւ Հրանդ Տինքին: Մեր բոլոր թապուները մէկ առ մԷկ անհրաժեշտ է կոտրել»:
Հարցումին, թէ արդեօք Տաւութօղլու պիտի հանդիպի՞ Տինքի ընտանիքին, վարչապետը պատասխանած է, որ կարելի է: Ան նաեւ յիշեցուցած է ազգութեամբ հայ Էթիեն Մահճուբեանը իր գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնին նշանակելու մասին` վստահեցնելով, որ ատիկա ըրած է ոչ թէ անոր ազգային պատկանելիութեան, այլ մտաւորական կարողութիւններուն եւ անոր հանդէպ վստահութիւն ունենալու համար:

