Ընկերվար Միջազգայնականը 2015-ին Պիտի Անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին
ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 12-13 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը: ՀՅԴ-ի կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի
փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը, որ 11 դեկտեմբերին մասնակցած էր նաեւ կազմակերպութեան ելեւմտական եւ վարչական յանձնախումբի եւ նախագահութեան նիստերուն:
Ժողովի բացումը կատարեցին ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիի գլխաւոր տնօրէն Միքայէլ Մոլլըրը, ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձր յանձնակատար Անթոնիօ Կութթերասը, Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէուն եւ Ընկերվար միջազգայնականի ընկերվար քարտուղար Լուիս Այալան:
Խորհուրդի ժողովի գլխաւոր նիւթն էր «Միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն` տագնապներու լուծում եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքար»: Ժողովի այլ նիւթերն էին` «Գաղթականութեան մարդկային երեսը եւ գաղթականներու ճակատագիրը» եւ «Նոր ժողովրդավարութիւններ յառաջացնելու եւ ժողովրդավարական կառավարումը զօրացնելու համար մեր աշխատանքը»:
Ժողովը լսեց նաեւ կազմակերպութեան Բարոյականութեան յանձնախումբի, ելեւմուտքի եւ վարչական յանձնախումբի եւ Լատինական Ամերիկայի եւ Քարիպեանի յանձնախումբի զեկուցումները:
Ժողովի գլխաւոր նիւթին` «Միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն` տագնապներու լուծում եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքար»-ին առնչութեամբ ելոյթ ունեցողները գլխաւորաբար անդրադարձան Իսրայէլ-Պաղեստին եւ Սուրիոյ տագնապին: Խորհուրդը բանաձեւ որդեգրեց կոչ ընելով աշխարհի պետութիւններուն ճանչնալու Պաղեստինի պետութիւնը` 1967-ի սահմաններով եւ արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով:
Օրակարգի այդ գլխուն տակ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ներկայացուցիչը: Ընկերվար միջազգայնականի մէջ դէտի կարգավիճակ ունեցող կուսակցութեան ներկայացուցիչի ելոյթը կը կրկնէր Ազրպէյճանի իշխանութեան, յատկապէս` նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակահայ մոլուցքը:
Ազրպէյճանցիի ելոյթին յաջորդեց ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչին ելոյթը: Մարիօ Նալպանտեան նախ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, դիմեց Թուրքիոյ ճանչնալու իր իսկ պատմութիւնը եւ կոչ ուղղեց բոլորին մասնակից դառնալու 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումին: Նալպանտեան ապա պատասխանեց ազրպէյճանական կուսակցութեան ներկայացուցիչի հակահայ ելոյթին` ցաւ յայտնելով, որ այդ կուսակցութիւնը փաստօրէն դարձած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններու գործիքը:
Ժողովի աւարտին, իր փակման խօսքին մէջ, Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէուն անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ այդ ծիրին մէջ ըսաւ, թէ որոշուած է, որ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը եկող տարի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, այդ հարցը պիտի դարձնէ օրակարգի նիւթ:

