ԹՐՔԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. 2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՄԷԿ ԱՄԻՍ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ

Թուրքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ 2011-2012 տարեշրջանը պիտի սկսի մէկ ամիս ուշացումով: Այսինքն, սկզբունքով 5 օգոստոսին սկսելիք տարեշրջանը այժմ պիտի սկսի 9 սեպտեմբերին:

«Սի. Էն. Էն. – ԹԻՒՐՔ» պատկերասփիւռի կայանը տեղեկացուց, որ նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ մէջ ֆութպոլի կարգ մը անուանի ակումբներու պատասխանատուներ ամբաստանուեցան կաշառակերութեան յանցանքով, նոր ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի քիչ մը ուշացումով:

Նշենք, որ թրքական ատեանը ցարդ բանտարկած է 31 հոգի, որոնց կարգին` Ֆեներպահչէի նախագահը եւ մարզիչը, Պեշիքթաշի փոխնախագահը եւ այլ պատասխանատուներ` երկրին ֆութպոլի մարզը մխրճելով քաոսի մը մէջ:

Share this Article
CATEGORIES