ՀՅԴ-ի Նախաձեռնած Ազգային Ժողովի Արտակարգ Նիստ

1216_AJԱզգային ժողովին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած է ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած արտակարգ նիստը` ազատամարտիկներու եւ Արամ Մանուկեանի նկատմամբ կիրառուած բռնարարքները դատապարտելու յայտարարութիւն ընդունելու նպատակով: Արձանագրուած  էին 78 պատգամաւորներ, որոնց շարքին էին Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւոր Գագիկ Ջհանգիրեան, Լեւոն Զուրաբեան, Ժառանգութիւն կուսակցութենէն Ռուբէն Յակոբեան, Թեւան Պօղոսեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն Նայիրա Զոհրաբեան: ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն պատգամաւորներուն, որոնք միացած  են այդ ստորագրահաւաքին, առաւել եւս անոնց, որոնք ներկայացած են այդ արտակարգ նիստին, որովհետեւ կարեւոր յայտարարութիւն պէտք է ընդունուի: «Շատ երկար բացատրութեան հարց չկայ, որովհետեւ  յայտարարութեան բովանդակութիւնը այս երկու օրերուն քննարկման առարկան եղած է, եղան բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ տարբեր քաղաքական ուժերու հետ, որոնք առանձին յայտարարութիւններ կատարեցին, բայց առաւել կը գնահատեմ այն հանգամանքը, որ պատգամաւորները միացան այս ստորագրահաւաքին, կարեւորեցին այս յայտարարութեան ընդունումը Ազգային ժողովին  կողմէ, եւ ատոր նշանակութիւնը դժուար է գերագնահատել:  Այս յայտարարութիւնը ոչ այնքան կը վերաբերի մինչեւ հիմա կատարուածին, որքան կարեւոր կանխարգելիչ նշանակութիւն ունի ապագային համար, եւ Ազգային ժողովը իր դերին համապատասխան կը ներկայանայ հասարակութեան եւ կու տայ իր քաղաքական գնահատականը: Ողջունելի է, որ ուժերը անկախ անկէ, թէ որ դաշտին մէջ կը գտնուին, կը դատապարտեն այս արարքները: Ինչ որ տեղի ունեցաւ, անյարիր է որեւէ բնականոն քաղաքակիրթ հասարակութեան, պէտք է այդ անձերը գիտնան, որ ոչ մէկ  հանդուժողականութիւն կրնայ ըլլալ այդ արարքներուն նկատմամբ, անկախ որեւէ յարաբերութիւններէ եւ հանգամանքներէ: Նման երեւոյթները միահամուռ պէտք է դատապարտուին եւ վերացնեն անպատժելիութեան զգացումը մարդոց մօտ: Ճիշդ կ՛ըլլար, որ յայտարարութիւնը ստորագրուէր 131 պատգամաւորներու կողմէ, որ աւելի նպատակային եւ ուժեղ կը դարձնէր այս դատապարտող եւ կանխարգիլող յայտարարութիւնը», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Ազգային Ժողովի Արտակարգ Նիստ
Կը Հրաւիրուի

Եռեակ-Օրինաց Երկիր կուսակցութիւն հանդիպումէն ետք ՀՅԴ խմբակցութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում նաեւ ՀՅԴ պատգամաւորներուն հետ: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան այդ հանդիպումէն ետք, լրագրողներու հարցումին ի պատասխան, յայտնեց, որ քննարկած են կրկին արտակարգ նիստ հրաւիրելու եւ բռնութիւններու մասին միացեալ յայտարարութիւն ընդունելու հարցերը: Արդարեւ Դաշնակցութիւնը արտակարգ նիստ կը  հրաւիրէ ազատամարտիկներու եւ Արամ Մանուկեանի դէմ կիրառուած բռնարարքները դատապարտող յայտարարութիւն ընդունելու նպատակով: Սկսած է ստորագրահաւաք, որուն միացած են Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորները: Ազգային ժողովի նախագահը արդէն ընթերցած էր բռնարարքները դատապարտող յայտարարութիւն, որ ըստ ամենայնի կ՛ընդունուի:   Յայտնի չէ` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը, Հայ ազգային քոնկրեսը եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը կը մասնակցի՞ն արտակարգ նիստին, թէ՞ պոյքոթի կ՛ենթարկեն:

Ոչ Իշխանական Չորս Ուժերը
Կրկին Պոյքոթի Ենթարկեցին Նիստը

1216_AJ-BoycottԱզգային ժողովի չորս խմբակցութիւնները` Հայ ազգային քոնկրես, Ժառանգութիւն կուսակցութիւն, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն եւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան երէկ եւս պոյքոթի  ենթարկած են Ազգային ժողովի արտակարգ  նիստը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ինչպէս երկուշաբթի, այնպէս ալ երէկ չէ միացած այս խմբակցութիւններու քայլին:

Չորս ուժերը երէկ ժողով գումարեցին եւ ապա տուին մամլոյ միացեալ ասուլիս:

Ռուստամեան Առաջարկած Է Հասնիլ
Միացեալ Յայտարարութեան

1216_Rusdamian_AJԱզգային ժողովի արտակարգ նիստը երէկ  տեղի ունեցած է կիսադատարկ դահլիճի մէջ, որովհետեւ  Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը, Հայ ազգային քոնկրեսը եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած էին նիստը: Քուէարկութեան դրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ստորագրուած երկու վարկային համաձայնագիրները եւ  կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծեր, որոնք ընդունուած են: Քուէարկութենէն առաջ խօսք առնելով, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարած է. «Յարգելի՛ գործընկերներ, ես կը կարծեմ, որ տակաւին կարելիութիւն կայ հասնելու Ազգային ժողովի յայտարարութեան: Ամէն կուսակցութիւն կրնայ իր կողմէ  յայտարարութիւն ընել, եւ ըստ էութեան` այդպիսի դատապարտող յայտարարութիւններ եղած են: Այս յայտարարութիւնը աւելի արժէք կ՛ունենայ, եթէ Ազգային ժողովը կատարէ: Կ՛առաջարկեմ` եկէք անգամ մը եւս միասին աշխատինք եւ Ազգային ժողովի յայտարարութիւն կատարենք, անկախ անկէ, որ կարգ մը ուժեր կրնան չհամաձայնիլ, բայց Ազգային ժողովը այսօր ատակ է հասնելու յայտարարութեան: Եկէք, այդուհանդերձ, այդ ճամբան բաց պահենք եւ աշխատինք այդ ուղղութեամբ»:

Իսկ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշած է. «Կը քննարկուի մաքսային կանոնակարգումներու վերաբերեալ եւ կից օրէնքներու ծրարը, որուն նպատակը գործող օրէնսդրութիւնը համապատասխանեցնելն է այն համաձայնագիրին, որ վաւերացուած է: Որովհետեւ այս օրէնքներու ուժի մէջ մտնելը բացառապէս պայմանաւորուած պիտի ըլլայ Եւրասիական տնտեսական միութեան  Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնութեան վաւերացումով Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի խորհրդարաններու կողմէ, ուրեմն այս օրէնքները չեն կրնար ուժի մէջ մտնել»: Արծուիկ Մինասեան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է, որ մաքսային օրէնսգիրքին մէջ պէտք է փոփոխութիւններ կատարուին, այլ ոչ թէ այս օրէնքով յղումներ կատարուին այլ օրէնքներու:   Գալուստ Սահակեան արձագանգած է ըսելով, որ այդ հարցով խնդրած է լրացուցիչ քննարկումներ:

 

Share this Article
CATEGORIES