Վերջին Հրաժեշտ` ՀՅ Դաշնակցութեան Ղեկավար Դէմքերէն Բենօ Թոնդեանի
Այսօր հողին կը յանձնուի ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ` Բենօ Թոնդեանի մարմինը: ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած եւ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պարտականութիւնները ստանձնած Բենօ Թոնդեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա հանգուցեալին թաղումը պիտի կատարուի ՀՅԴ պանթէոնին մէջ, իր տեղը գտնելու համար Դաշնակցութեան այլ երախտաւորներու կողքին:
Թաղման արարողութենէն ետք ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքը հանգուցեալ ընկերոջ մահուան առիթով ցաւակցութիւններ պիտի ընդունի «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00: Ցաւակցական ընդունելութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ հինգշաբթի եւ ուրբաթ:

