Քասիաս. «Բերդապահները Կը Հպարտանան Նէօյըրով, Ոսկի Գնդակին Արժանի Է Ռոնալտոն»
Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Իքեր Քասիասի համաձայն, աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումին միակ արժանին արքայական ակումբին իր խմբակիցն է` փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոն:
Ոսկի գնդակին թեկնածուներուն կարգին են նաեւ Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի եւ Պայէրն Միւնիխի գերմանացի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր:
Թէեւ բերդապահները կը հպարտանան Նէօյըրով, սակայն այս տարի Ռոնալտօ կը ցուցադրէ այնպիսի մակարդակ, որուն չի հասնիր որեւէ ֆութպոլիստ», Քասիասին խօսքերը կը մէջբերէ «Տեփորթես Քուաթրօ»:
CATEGORIES Մարզական

