Տենիս Պերկքամփ` Հոլանտայի Վերջին 25 Տարիներու Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Արսենալի նախկին յառաջապահ Տենիս Պերկքամփ, ճանչցուեցաւ իբրեւ Հոլանտայի վերջին 25 տարիներու լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Այս մասին հաղորդեց Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
Պէտք է նշել, որ այս կոչումին համար կը պայքարէին նաեւ Ֆրանք տը Պէօր, Ռոնալտ Քէօման, Ֆիլիփ Քոքիւ եւ Ճիովանի վան Պրոնքհորսթ:
Իր խօսքին մէջ Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միքայէլ վան Փրակ ըսաւ. «Բոլոր հինգ թեկնածուներն ալ մաս կազմած են Հոլանտայի ազգային խումբին, սակայն հոլանտացի համակիրներուն կողմէ ան մեծապէս սիրուած ըլլալուն պատճառով, իր կատարած մեծաթիւ հանդիպումներուն համար Պերկքամփ իսկապէս արժանի է տեղ գտնել հոլանտական ֆութպոլի փառքի սրահին մէջ», կ՛եզրափակէ Armsport.am:
CATEGORIES Մարզական

