Վարազդատ Աւետիսեան Կը Վերադառնայ Ֆութպոլ
Իր հրապարակած մէկ լուրին ArmSport.am հայկական լրատու կայքը կը յայտնէ, որ Վարազդատ Աւետիսեան, որ նախորդ տարի Փիւնիկը լքելէ ետք յայտարարած էր, որ կը հեռանայ ֆութպոլէն, այժմ վերադառնալով ստանձնած է Արարատի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Ակումբը երկկողմանի համաձայնութեամբ իր պայմանագրութիւնը խզեց Վահէ Եաղմուրեանի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ Արարատ-2-ի գլխաւոր մարզիչն է:
Նշենք, որ ակումբ վերադարձան նաեւ յետսապահներ Գորիկ Խաչատրեան եւ Վահէ Մարտիրոսեան մինչ Արարատէն հեռացան Արմէն Տուրունց եւ Աւետիս Ղազարեան (երկկողմանի համաձայնութեամբ):
CATEGORIES Մարզական

