Տեղի Ունեցաւ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» Գեղատիպ Հատորին Շնորհահանդէսն Ու Գինեձօնը

10841421_582578828552212_67797119_nՀինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2014-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրֆայի ասեղնագործութիւն» Ա. հատորին (Պրունօ Էքարտի հաւաքածոն 300 էջ, երկլեզու հայերէն-անգլերէն) գեղատիպ հատորին գինեձօնը, տպուած Հալէպ, 2014-ին: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը: Գիրքին շնորհահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին հալէպահայ երեք համայնքապետները, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, հատորի հեղինակ` արուեստաբան, գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանն ու արուեստասէր հրաւիրեալներ:

Զարմանալի կը թուի, թէ պատերազմական նման դժնդակ պայմաններուն մէջ կարելի է այսքան հրաշալի գործ կատարել:

Օրուան հանդիսավար Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան` ողջունելով հատորի հրատարակութիւնը, մէջբերում մը կատարեց «Ուրֆայի հերոսամարտը» երկհատոր գիրքէն ու նշեց, թէ ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող դժնդակ տարիներուն հայ կիներ եւ օրիորդներ նրբահիւս ասեղնագործութիւններ գործելով իրենց օրապահիկը կ՛ապահովէին, եւ ապա անոնց իւրայատուկ գործերը կը հասնէին հեռաւոր եւրոպաներ եւ բարձրօրէն կը գնահատուէին օտարներու կողմէ: Եզրափակելով` Տաթեւ քահանայ ըսաւ, որ ուրախութիւն է նման գիրքով մը անմահացնել Ուրֆայի ասեղնագործութեան արուեստը:

Այնուհետեւ «Ուրֆայի ասեղնագործութիւն» գիրքը համառօտ կերպով ներկայացուց հալէպահայ մտաւորական, գրող Պերճուհի Աւետեան, վեր առնելով գիրքին գեղարուեստական եւ վաւերագրական արժէքն ու մէջբերելով հեղինակին վերլուծական նշումները: Պ. Աւետեան յայտնեց, թէ Հալէպի պատերազմական պայմաններուն մէջ անգամ մշակութային իւրայատուկ այս աշխատանքը, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, վկայութիւնն է մեր ժողովուրդի անմահութեան:

10833959_582578915218870_1554940134_nՀատորին ծննդոցը ներկայացուց հեղինակ, արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեանը, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց Ուրֆայի ասեղնագործութեան նմուշներու ապահովման իր աշխատանքը` դիտել տալով. «Հատորի հրատարակութեան մեր ճամբորդութիւնը սկսաւ Սուրիոյ փոթորկալից ծովուն մէջ, սակայն շնորհիւ մեր յամառ աշխատանքին եւ սրբազան հօր մնայուն քաջալերանքին, այսօր հասանք այստեղ` խաղաղ նաւահանգիստ եւ լոյս աշխարհ բերինք տարիներու աշխատանք խլած այս հատորը»: Թոքմաճեան ընդգծեց, որ նախապէս հրատարակուած «Մարաշի ասեղնագործութիւն»-ը, այժմ Ուրֆայի ասեղնագործութիւնն ու հետագային նաեւ Կիլիկիոյ այլ շրջաններու ասեղնագործութեանց նուիրուած գիրքերու հրատարակութեանց ծրագիրը մշակութային մտածուած քաղաքականութեան արդիւնք է: Ան պատմեց նաեւ հայրենիքի մէջ այս ուղղութեամբ տարած իր աշխատանքներուն մասին ու Հայաստանի ազգային պատկերասրահին տրամադրած նկարներու հաւաքածոյին անդրադարձաւ: Դիտել տուաւ, որ այս աշխատանքը նաեւ սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան ցայտուն արգասիքն է: Թոքմաճեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց նաեւ Ուրֆայի ասեղնագործութեան նուրիուած Առաքել Պատռիկի գիրքը:

Եզրափակելով` Հրազդան Թոքմաճեան ըսաւ, թէ ասեղնագործութիւնը լոկ ժողովրդային արուեստ չէ, այլ ժողովուրդի մը պատմութիւնն ու մշակոյթը արտացոլացնող ու անոր մշակութային որակը ներկայացնող արուեստ է, ապա շեշտեց հալէպահայ գաղութին կարեւորութիւնը, որպէս պատմական մեր հայրենիքի ժառանգութեան գլխաւոր պահապանը:

Այս առթիւ սրտի խօսք արտասանեց հալէպահայ մտաւորական, գրող Լեւոն Շառոյեանը, որ բարձր գնահատեց գիրքին հեղինակը եւ յայտնեց, թէ Հրազդան Թոքմաճեան Հալէպի մէջ ունեցած իր աւելի քան 20-ամեայ մշակութային գործունէութեամբ նոր որակ ու երանգ տուաւ հալէպահայ մշակութային կեանքին ու երեւան հանեց պատմական մեր հայրենիքի, Կիլիկիոյ շրջանի ասեղնագործութեան եզակի արժէքները: Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը:

Սրբազան հայրը ըսաւ, որ Սուրիան պատմական մեր հայրենիքի մերձաւորութեան գտնուած է, եւ որուն շնորհիւ նաեւ ապրած ու գոյատեւած է մեր մշակոյթը: Անդրադառնալով հեղինակ Հրազդան Թոքմաճեանի աշխատանքին` սրբազան հ այրը նշեց, որ սոյն գիրքին հրատարակութիւնը մտայղացողը, գիրքը պատրաստողն ու ուսումնասիրողը Հրազդանն է, որ այս տագնապին մէջ անգամ կը ստեղծագործէ: Հրազդան սովորական հեղինակ մը չէ, այլ ասեղնագործութեան հայկական արուեստը ուսումնասիրող դպրոցի մը հիմնադիրն է: Հալէպի մէջ Մարաշի ասեղնագործութեամբ սկսած, Ուրֆայով շարունակուած այս դպրոցը պիտի շարունակուի եւ ընդգրկէ պատմական մեր հայրենիքի բոլոր շրջաններու ասեղնագործական արուեստը: Մեր փափաքն է, որ ասեղնագործութեան արուեստը մեր եւ հայրենի ժողովուրդին ուշադրութեան կիզակէտին արժանանայ ու կորուստէ փրկուին մշակութային մեր գանձերը, ըսաւ ան: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Ուրֆայի ասեղնագործութիւն» հատորին գինեձօնը, մասնակցութեամբ` հայ երեք համայնքապետներուն, Հայաստանի  գլխաւոր հիւպատոսին եւ հեղինակին: Աւարտին հեղինակը մակագրեց ներկաներուն տրամադրուած նորատիպ հատորին օրինակները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )