Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի
Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Տօնակատարութիւն

1212_damas-(1)Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Սկաուտական խորհուրդին, ուրբաթ, 12 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Պասմաճեանի եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու:

Հակառակ տիրող ապահովական իրավիճակին եւ անձրեւին` «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ հաւաքուած էին ՀՄԸՄ-ի ընտանիքի անդամներն ու ծնողները:

Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներէն ետք վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Աւօ Աճեմեան, որ ըսաւ. «90 տարի ջղուտ տղաք տողանցեցին, 90 անգամ բաժակ ու մետալ մտաւ մեր տուն: Մեր միութիւնը եղաւ բարութեան, հաւատարմութեան, հնազանդութեան, մեծարանքի միութիւն: Ողջո՛յն ՀՄԸՄ-ի 90-ամեայ կայտառ բանակին, անոր մարզիկին, արծուեբիբ նայուածքին, դրօշին ու երդումին, ողջո՛յն միութեան եւ միութենականութեան»:

Սկաուտական խորհուրդին խօսքը արաբերէնով փոխանցեց Հայրապետ Գարակէօզեան, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի պատմականին եւ թուային մանրամասնութիւններ տալով` ներկայացուց աշխարհի վրայ տարածուած ըլլալուն հանգամանքը:

1212_damas-(2)Նուագով եւ երգով գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Սէրլի Խաճարեան, Արթիկ Երէցեան, Ռիթա Քալամքերեան, Սարին Գաթքլեան, Վերժին Ապաճեան, Քարոլ Արիսեան եւ  Լեւոն Տեմիրճեան, իսկ խումբ մը արենուշներ տարբեր ձեւի բուրգեր ներկայացուցին: Տօնակատարութեան ընթացքին 25 արի-արենուշներու երդման արարողութիւնը կատարուեցաւ եւ գայլիկական շարքերէն փոխանցուեցան դէպի սկաուտական շարքերը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Սօսի Յովսէփեան-Քիւրտեան, որ պատմական ակնարկով ներկայացուց Դամասկոսի մէջ մասնաճիւղի կազմութիւնը 1924-ի վերջաւորութեան, Լ. Ագբարեանի ներկայութեամբ: Ան անդրադարձաւ սկզբնական շրջանին կազմուած մարզական մարմիններուն` ֆութպոլի եւ աղջիկներու պասքեթպոլի խումբերու կազմութեան, եւ` այդ պայմաններուն մէջ տարուած գործունէութեան:

Քիւրտեան շեշտեց, որ 1930-1950 եղած է բեղուն շրջան` մարզական գետնի վրայ, իսկ 1947-ին սկաուտական շարժումը կը զարգանայ ձեռամբ Տիգրան Ոսկերիչեանի: Ան խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Յարգա՛նք ՀՄԸՄ-ականներուն յիշատակին, որոնք երկարաշունչ կերպով պահեցին Դամասկոսի գաղութն ու միութիւնը, յիշելով մեր նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր բարձրացո՛ւր»:

Նշենք, որ ներկաները ըմբոշխնեցին նաեւ անցեալն ու ներկան կապող ցուցահանդէս մը, ուր ցուցադրուած էին Դամասկոսի մասնաճիւղի հրատարակութիւններ, լուսանկարներ, յուշանուէրներ եւ տարազներ: Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով:

ՍՕԽ-ի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութեան
Տարեկան Ցուցահանդէս-Վաճառքը

1129_sokhՆոյեմբեր 29-ին «Օմայեատ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՍՕԽ-ի «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեկան ցուցահանդէս-վաճառքը:

Ցուցահանդէսին բացումը կատարեցին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, եւ Սուրիոյ բնապահպանութեան հայազգի նախարար Նազիրա Սարգիս, որոնք բարձրօրէն գնահատեցին վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը հակառակ երկրին մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն. երեւոյթ մը, որ կը բնորոշէ խաչուհիին սրբազան առաքելութիւնը`  բարեսիրական զանազան աշխատանքներու միջոցով հասնելու համար հայ ժողովուրդի կարիքներուն, ինչպէս նաեւ` պահպանել հայ ժողովուրդի ազգային մշակութային ժառանգութիւնը եւ  փոխանցելու զայն յաջորդող սերունդներուն:

Դամասկոսի Թագուհի Տիեզերաց Եկեղեցւոյ Մէջ
Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն

1207_syriaԴեկտեմբեր 7-ին Դամասկոսի հայ կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ կիսասարկաւագ Սարգիս Պուռունսուզեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը` ձեռամբ Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Յովսէփ եպս. Առնաութեանի:

Առաջնորդը իր քարոզին մէջ վեր առաւ սարկաւագներու ունեցած դերակատարութիւնը եկեղեցւոյ արարողութեանց մէջ, հաստատելով, որ անոնք նուիրեալ ծառաներն են եկեղեցւոյ. այնուհետեւ ան իր հայրական խրատներն ու թելադրութիւնները տուաւ նորօծ սարկաւագին եւ շնորհաւորեց անոր ձեռնադրութիւնը:

Աւարտին Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի տեսուչը կարդաց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկէ պատրիարքին յղած օրհնութեան գիրն ու շնորհաւորանքները:

Ապա եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունուեցան շնորհաւորութիւնները, որմէ ետք, ի պատիւ Սարգիս սրկ. Պուռունսուզեանի, սարքուեցաւ հացկերոյթ մը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Յարութ Սասունեան Կը Մեծարուի

1120_HaroutՀովանաւորութեամբ «Մարթայեան կրուփ»-ի եւ անոր գլխաւոր գործավար Կրեկ Մարթայեանի,  20 նոյեմբերին Պոլսահայ միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` մասնակցութեամբ աւելի քան 250 ներկաներու, որոնց շարքին բարձրաստիճան ոստիկաններ` գլխաւորութեամբ Լոս Անճելըսի ոստիկանապետի տեղակալ Ճորճ Վիյեկասի, Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազի գրասենեակի, ինչպէս նաեւ` հայկական եկեղեցիներու եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու:

Բացման խօսքը արտասանեց  օրուան հանդիսավար եւ Լոս Անճելըսի քաղաքի դատախազի տեղակալ Րաֆֆի Աստուածատուրեան, իսկ բացման աղօթքը` Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տեմիրճեան:

Ձեռնարկի  ընթացքին շեշտը դրուեցաւ  համայնքին եւ ապահովական մարմիններուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարեւորութեան վրայ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ գնահատագիրներու յանձնում մեծարեալներուն:

Գլխաւոր մեծարեալը եղաւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեան, որ Մարթայեանի կողմէ ներկայացուեցաւ իբրեւ «տիպար սփիւռքահայը», մինչ Ճորճ Վիյեկաս լուսարձակի տակ առաւ Սասունեանի կողմէ աշխարհի տարածքին իրականացուած մարդասիրական սպասարկութիւնները:

Մեծարանքի արժանացան  նաեւ Էնսինոյի «Թերաս» ճաշարանի սեփականատէրեր Արա եւ Րաֆֆի Յովակիմեանները:

Պօղոս Սնապեանի Յիշատակին Նուիրուած
Ձեռնարկ

1114_balianԿազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի Համազգայինի մասնաճիւղին, 14 նոյեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն նուիրուած «Բագին» ամսագիրի տարիներու խմբագիր, գրաքննադատ եւ գրականագէտ Պօղոս  Սնապեանի յիշատակին:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Աստղիկ Սեւակի բարի գալուստի խօսքերէն ետք Հայր Մեսրոպ Լաքիսեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Պօղոս Սնապեանի կենսագրական գիծերը:

Այնուհետեւ դոկտ. Արա Գաբրիէլեան ներկայացուց օրուան բանախօս գրագէտ, «Բագին» ամսագիրի խմբագիր Յակոբ Պալեանը:

Պալեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սնապեանի տածած գրական գործունէութիւնը շեշտը դնելով անոր ունեցած ներդրումին լիբանանահայ գաղութէն ներս: Ան անդրադարձաւ նաեւ Սնապեանի մօտեցումին հայ մշակոյթի եւ գրականութեան նկատմամբ, որ յաջողած է փոխանցել իր աշակերտներուն անոնց մէջ արթնցնելով սէրը դէպի ազգութիւն եւ գրականութիւն:

Աբուսէֆեանի Ձեռնարկը
Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

1119_MarieRoseԿազմակերպութեամբ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ գործադիր մարմինին (ՍԱՐՖ) եւ կատարողութեամբ դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի, 19 նոյեմբերին Կլենտէյլի մէջ 400 մշակութասէր ունկնդիրներու ներկայութեամբ իրականացաւ թատերական արուեստի երեկոյ մը` ի նպաստ տասնեակ հազար սուրիահայերու, որոնք տակաւին կ՛ապրին պատերազմի արհաւիրքին մէջ:

ՍԱՐՖ-ի ատենապետ Ժան Թիթիզեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն վերահաստատեց, թէ այնքան ատեն որ կան հայեր, որոնք կարիք ունին, պիտի օգնենք:

Դոկտ. Աբուսէֆեան իր անզուգական արուեստով ներկայացուց «Տիգրան Մեծ» արքայից արքայի պատմական ժամանակաշրջանը` հայ ժողովուրդի անցեալի ու ներկայի քաղաքական ներկայացուցիչներու համեմատական չափանիշներով եւ իր մասնագիտական մենակատարութեամբ: Դոկտ. Աբուսէֆեան, որ ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, ազգային ու քաղաքացիական ազնիւ պարտաւորութեամբ մը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած էր իր իսկ արուեստի ճամբով նիւթաբարոյապէս օժանդակելու իր հայրենակիցներուն տագնապը մեղմացնելու բարեգործութեան:

Աւարտին արուեստագիտուհիին յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը եւ թռչնագիր շնորհակալագիր մը:

Տնօրէն Կրէյս Անտոնեան Կը Պատուըւի

1218_GraceՔալիֆորնիոյ միջնակարգերու միութիւնը որոշած է «Տարուան դաստիարակը» մրցանակով մեծարել Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանի տնօրէն Կրէյս Անտոնեանը:

Մրցանակը պիտի յանձնուի չորեքշաբթի, 7 յունուար 2015-ին, «Սէյնթ Մերիզ» համալսարանին մէջ կայանալիք ձեռնարկի մը ընթացքին:

Քալիֆորնիոյ միջնակարգերու միութիւնը ամէն տարի, նահանգի տարբեր շրջաններու մէջ կրթական յատկանշական բարեկարգումներ եւ իրագործումներ կատարած դաստիարակներու կը շնորհէ հեղինակաւոր այս մրցանակը:

Միութիւնը լուսարձակի տակ առած է յատկապէս տնօրէն Կրէյս Անտոնեանի նուիրումը` կրթական նորարարական եւ յառաջդիմական միջոցներ որդեգրելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն մօտ հայ մշակոյթին նկատմամբ սէր ու յարգանք սերմանելու նպատակով անոր որդեգրած քայլերը, որոնց շնորհիւ` աշակերտները կը հասնին այն համոզումին, թէ իրենցմէ իւրաքանչիւրը հայութիւնը ներկայացնող «դեսպան» մըն է:

ՀՄԸՄ «Արարատ»-ը 26 Հազար Տոլարի
Կրթանպաստներ Կը Յանձնէ

1207_araradԴեկտեմբեր 7-ին «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ընթացքին Կլենտէյլի ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղին կողմէ 26 հազար ամերիկեան տոլարի կրթանպաստներ տրամադրուեցան 19 համալսարանական ուսանողներու:

Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան նաեւ ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղի երկարամեայ կամաւոր սպասարկութիւններ մատուցած խումբ մը ՀՄԸՄ-ականներ:

Յայտնենք, որ աւելի քան 2500 անդամներ ունեցող Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը աշխարհի տարածքին գործող ՀՄԸՄ-ի մեծագոյն մասնաճիւղն է: Անիկա 15-րդ տարին ըլլալով նման կրթանպաստներ կը տրամադրէ շրջանի համալսարանական ուսանողներու:

Կի Մանուկեանի Ելոյթը

1129_guymanoukianՀամազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ «Էլ. Էյ. Քոնսըրթ կրուփ»-ի հրաւէրով, 29 նոյեմբերին, «Սեն Կապրիէլ Միշըն Փլէյհաուս»-ի շքեղ հանդիսասրահին մէջ իր առաջին եւ միակ նուագահանդէսով ելոյթ ունեցաւ միջազգային ճանաչումի արժանացած լիբանանահայ արուեստագէտ Կի Մանուկեան` ներկայութեամբ աւելի քան 1200 հանդիսատեսի:

Շրջանային վարչութեան անունով Անիթա Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց Կի Մանուկեան արուեստագէտը ու անոր արուեստին նկատմամբ Համազգայինի գնահատանքն ու արժեւորումը, մանաւանդ երբ շեշտը կը դրուի, հայկականին կողքին, ա՛յլ մշակոյթներու ծանօթացման եւ ներթափանցման, յատկապէս հայկական սփիւռքի պարագային, իր բազմաշերտ ու աշխարհացրիւ դրուածքով, ու իբրեւ այդպիսին` ենթակայ իր գտնուած վայրի մշակութային փոխազդեցութիւններուն, առանց զիջելու իր ազգային մշակութային ժառանգութենէն:

Ելոյթի աւարտին, ծերակոյտի ներկայացուցիչ ծերակուտական Քեւին Տէ Լիոնի կողմէ գնահատագիր մը յանձնուեցաւ  Կի Մանուկեանին` առ ի գնահատանք այդ բացառիկ արուեստի երեկոյին, որ աննախընթաց էր իր տեսակին մէջ:

Յիշատակի Երեկոյ` Նուիրուած Զահրատի Եւ
Նուպար Ակիշեանի

1105_zahradԿազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Թէքէեան մշակութային միութեան, 5 նոյեմբերին Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան 90-ամեակին եւ արձակագիր Նուպար Ակիշեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած երեկոյ:

Մասնաճիւղի անդամ Բարսեղ Գարթալեանի բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Յովհաննէս Գուլակ-Աւետիքեան, որ գնահատեց Զահրատը մեծարելու գաղափարը եւ հաստատեց Զահրատ բանաստեղծին ու մարդուն ձգած սքանչելի ազդեցութեան` պոլսահայ երիտասարդ սերունդին վրայ:

Ապա վարչութեան անդամ Լիլիթ Քէհէեան չորս ընթերցումներ կատարեց Զահրատի «Մեծ քաղաքը» գործէն:

Նկարիչ, քանդակագործ եւ բանաստեղծ Արմէն Պօղոսեան ներկայացուց Զահրատի բանաստեղծական աշխարհը:

Արձակագիր Նուպար Ակիշեան  հասարակական գործիչին մասին խօսք առաւ Արա Ահարոնեան, որ անդրադարձաւ Ակիշեանի հասարակական-խմբագրական արժէքաւոր վաստակին:

Մասնաճիւղի վարչական Նազիկ Գոճայեան ընթերցում մը կատարեց Ակիշեանի «Հայու սպիները» պատմուածքէն, ապա Ակիշեանի գրական հարուստ վաստակը ներկայացուց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ, հանրածանօթ հրապարակագիր Վաչէ Սեմերճեան:

Վարչական անդամ Տիգրան Էքիզեան ներկայացուց Ակիշեան ժողովականը:

Աւարտին, փակման խօսքով եւ աղօթքով ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հալէպահայ
Ազգայիններու Այցելութիւնը

0000Aleppo-Armenian2Նոյեմբեր 26-ին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը խումբ մը հալէպահայ ազգայիններու, որոնք Լոս Անճելըս հաստատուած էին վերջին շրջանին, Սուրիոյ վիճակուած ահաւոր տագնապին  պատճառով:

Հանդիպման ընթացքին անոնք յայտնեցին, թէ Հալէպի խաղաղութեան վերահաստատման ու գաղութի վերականգնումի յոյսերով, Լոս Անճելըսի շրջանի հայ կեդրոններուն մէջ պիտի կազմակերպեն ընկերային հաւաքներ, օժանդակութիւններ ապահովելու հալէպահայութեան: Անոնք նաեւ հրաւիրեցին սրբազանը` ներկայ գտնուելու այդ հաւաքներուն:

Առաջնորդը գնահատեց ազգայիններուն նախանձախնդիր ու կարեկից մօտեցումը, պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու հրաւէրին եւ մաղթեց, որ անոնց նուիրաբերումը ծառայէ ճշդուած նպատակին, իսկ Սուրիան ու Հալէպը վերագտնեն բնականոն վիճակը:

Հանդիպումի աւարտին առաջնորդ սրբազանը յուշանուէրներ փոխանցեց հիւրերուն:

 

Փարիզ

Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Վահան
Եպս. Յովհաննէսեան Մատուցեց
Իր Անդրանիկ Պատարագը

Դեկտեմբեր 6-ին Լիոնի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, նախագահութեամբ Ֆրանսայի թեմի նորընտիր առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի, տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի թեմի Պատգամաւորական ժողովը, որուն ընթացքին Փաթրիս Ճոլոլեան վերընտրուեցաւ նախագահ Թեմական խորհուրդին: Ընտրուեցան նաեւ Ֆրանսայէն երեք ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի ներկայացնեն Ֆրանսայի թեմը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ներկայացուցչական ժողովին:

Դեկտեմբեր 7-ին, Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հայրը մատուցեց իր անդրանիկ պատարագը: Ան իր քարոզին մէջ նշեց, որ գիտէ, թէ իր պարտականութիւնը ծանր պիտի ըլլայ, սակայն ջանք պիտի չխնայէ աշխուժացնելու եկեղեցական կեանքը: Ան յայտարարեց, որ իր դուռը բաց է բոլորին առջեւ եւ պատրաստ է բոլոր տեսակի խնդիրները քննարկելու, ծանօթանալու, ծրագիրներ մշակելու:

 

Լոնտոն

Ս. Ծննդեան Տօնին Նուիրուած
Երգահանդէս

1204_londonԿազմակերպութեամբ HART (Humanitarian Aid Relief Trust) հասարակական բարեգործական կազմակերպութեան, գլխաւորութեամբ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի, 4 դեկտեմբերին Լոնտոնի Ս. Կիպրիան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած երգահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին չորս երգչախումբեր` Թէքէեան հիմնադրամի նորաստեղծ «Կոմիտաս», Ուկանտական «Աքոլի», Ս. Մարթին եկեղեցւոյ եւ Լոնտոնի համալսարանի սենեկային երգչախումբերը:

Ս. Կիպրիան եկեղեցւոյ հովիւ հայր Տէյվիտ  ներկայացուց Կոմիտասի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնները` անդրադառնալով 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան դէպքերուն, որոնց ականատեսը ըլլալով` Կոմիտաս կորսնցուց իր բանականութիւնը եւ երկարատեւ տառապանքներէն ետք վախճանեցաւ  Փարիզի հոգեբուժարանին մէջ:

Երգահանդէսին «Կոմիտաս» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Սիփան Յակոբեանը, մեկնաբանեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը:

Այնուհետեւ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս գնահատեց կատարուած նախաձեռնութիւնը: Ան ներկայացուց թրքական ներկայ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ եւ դատապարտեց զայն: Ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի անցեալին ու ներկային, պատմական անարդարութիւններուն, հայ ժողովուրդի զրկանքներուն, ներկայ մարտահրաւէրներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )