Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Նոր հանգրուան մը պիտի բացուի ձեր դիմաց: Եթէ ատենին մասամբ ծուլացած էիք, այսօր պիտի փակէք այդ պակասը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ պիտի սորվիք աւելի լաւ ճանչնալ ձեր գործակիցները եւ միասնաբար աւելի լաւ աշխատելու ջանք պիտի թափէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխուժ եւ ուրախ պիտի ըլլաք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն: Այսպիսով, բեղուն աշխատանք պիտի իրագործէք, ապրի՛ք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սիրոյ պատմութիւն մը ձեզի մեծ վստահութիւն պիտի ներշնչէ ապագայի հաշուոյն: Օրը պիտի անցնի ինքնավստահ տրամադրութեամբ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տան մէջ միշտ ներկայութիւն եղէք. մասնաւոր դեր մը ունիք կատարելիք, որ ձեզի մեծ շահ մը պիտի ապահովէ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ դիտէք ձեր շուրջը եղած բարի գործերը, մասնաւորաբար բնութիւնը, անիկա ձեզի պիտի պարգեւէ կատարեալ խաղաղութիւն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի ձերբազատիք աւելորդ պարտաւորութիւններէ, որոնք կը շրջապատեն ձեր կեանքը: Խոհեմ եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
«Կարիճները» այսօր պիտի ունենան բարձր տրամադրութիւն: Ուրեմն օրը պիտի ունենայ հաճելի նորութիւններ եւ հիւրեր:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պէտք ունիք խաղաղութեան եւ կայունութեան, որպէսզի դուք ձեզ ապահով զգաք: Օրուան արժէքը գիտցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անկեղծ բարեկամները անմիջապէս պիտի պատասխանեն ձեր հրաւէրին: Օրը պիտի անցնի ուրախ տրամադրութեամբ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ընտրութիւնները ամփոփեցէք ամէն ինչի համար եւ հակառակեցէք ամէն բանի:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անցեալի նամակները պիտի հանդարտեցնեն ձեր հոգեկան աշխարհը: Հետեւեցէք միշտ բնական երեւոյթներու, որպէսզի խաղաղ ըլլաք:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )