Մխիթարեան Կը Նահանջէ
Անգլիական bleacherreport.com կայքը անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կատարած մրցումներուն, ինչպէս նաեւ 25 տարեկան ֆութպոլիստը համեմատեց Պայէրն Միւնիխի գերմանացի միջնապահ Մարիօ Կէօթցէի հետ:
«Հենրիխ Մխիթարեանին համար Տորթմունտի հետ այս տարեշրջանը անյաջողէն կը վերածուի սարսափելիի:
Ունենալով միջազգային մակարդակի թեքնիք, օժտուած ըլլալով յաղթողի բնաւորութեամբ, Մխիթարեան չի սիրեր, երբ իրեն համեմատեն ակումբի նախկին աստղ Կէօթցէի հետ», կը նշէ ArmSport.am ` մէջբերելով վերոնշեալ կայքին հրապարակած լուրը:
Գերմանական մամուլը նախորդ տարեշրջանին աւելի բարձր գնահատական տուած էր Մխիթարեանին: Ան «Քիքըր» եւ «Պիլտ» պարբերաթերթերուն մէջ «Պունտըսլիկա»-ի լաւագոյն դասաւորման մէջ գրաւած էր յաջորդաբար 26-րդ եւ 39-րդ դիրքերը:
Սակայն այս տարեշրջանին ամէն ինչ փոխուեցաւ:
Հայաստանի հաւաքականին աստղը Գերմանիոյ ախոյեանութեան ընթացքին ո՛չ կոլի եւ ո՛չ ալ արդիւնաւէտ փոխանցման հեղինակ դարձած է, մինչ Կէօթցէ ցարդ նշանակած է 7 կոլ եւ կատարած մէկ կոլի փոխանցում:
Ճիշդ այս պատճառով ալ գերմանացին բարելաւած է իր դիրքը` այդ պարբերաթերթերուն դասաւորման մէջ, մինչ Մխիթարեան, ոչ միայն իր դիրքը կորսնցուցած է լաւագոյն 50-ին մէջ, այլեւ դուրս մնացած է նաեւ հարիւրէն:
Անգլիական կայքը կը նշէ նաեւ, որ հայ ֆութպոլիստին այսպիսի անյաջող ելոյթներուն պատճառներէն մէկն է նաեւ դիրքի փոփոխութիւնը: Ճափոնցի միջնապահ Սինցի Քակաւայի` խումբին միանալէն ետք, Մխիթարեան հազուադէպօրէն հանդէս կու գայ յարձակողական միջնապահի դիրքին վրայ:

