Իրան 14 Տարի Առաջ Աւստրալիայէն Պահանջած Է Արտայանձնել «Սիտնիի Ահաբեկիչը»

Մեն Հարոն Մոնիս
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Սիտնիի սրճարանին մէջ պատանդներ վերցուցած Մեն Հարոն Մոնիս խաբեբայութեան համար հետախուզութեան կ՛ենթարկուէր Իրանի տարածքին մէջ:
Իրանի ոստիկանութեան ղեկավար Իսմայիլ Ահմատի Մոկատամ յայտարարած է, որ 14 տարի առաջ իրանեան իշխանութիւնները Աւստրալիայէն պահանջած են արտայանձնել յանցագործը, սակայն աւստրալիական իշխանութիւնները մերժած են, որովհետեւ երկու երկիրներուն միջեւ յանցագործներ արտայանձնելու մասին համաձայնագիր գոյութիւն չունի:
Մոնիս Իրանի մէջ ծանօթ եղած է Մանթեքի անունով: 1996-ին ան աշխատած է զբօսաշրջական գործակալութեան մէջ, ուր գումար կորզած է եւ Մալեզիոյ տարածքով փախուստ տալով հասած է Աւստրալիա, ուր քաղաքական ապաստան ստացած է:
Երկուշաբթի օր 49-ամեայ Մոնիս Սիտնիի կեդրոնին մէջ գտնուող «Լինտթ» ճաշարանին մէջ պատանդներ վերցուցած էր եւ զանոնք իր մօտ պահած շուրջ 16 ժամ: Ոստիկանութեան յարձակումին պատճառով յանցագործը սպաննուած է: Զոհուած են նաեւ երկու պատանդներ:

