«Ազրպէյճանի Մէջ Ոչ Ոք Պիտի Զգայ Քարիւղի Գիներուն Անկումը» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Իլհամ Ալիեւ
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բնակչութեան ընկերային ծառայութիւններ տրամադրող ԱՍԱՆ նորարարական կեդրոնի կամաւորներու առաջին համապետական ընդհանուր ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ քարիւղի գիներուն սուր անկումը պիտի չազդէ Ազրպէյճանի բնակչութեան վրայ:
«Քարիւղի գիները այժմ սուր անկում կրած են: Ազրպէյճանի մէջ ո՞վ զգաց ատիկա: Ո՛չ մէկը, եւ ոչ ոք պիտի զգայ, որովհետեւ մենք հզօր տնտեսական հիմքեր ունինք», ըսած է Ալիեւ:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ ազգային դրամանիշի` մանաթի փոխարժէքը կայուն կը մնայ: «Մանաթի փոխարժէքը կայուն է: Ատիկա, թերեւս, այնքան ալ դրական հանգամանք չէ մեր արտածման կարողականութեան համար: Սակայն ատիկա ընկերային հարց է: Ատիկա պէտք է այդպէս ալ ըլլայ», ընդգծած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահը յատկապէս նշած է, որ իր երկիրը կ՛իրականացնէ անկախ քաղաքականութիւն: «Ոչ մէկ օտար ուժ կրնայ մեր կամքին վրայ ազդել: Մենք ոչինչ կ՛ընենք եւ ոչինչ պիտի ընենք մէկու մը թելադրանքով», յայտարարած է ան:

