Որո՞նք Կը Շահին Եւ Որո՞նք Կը Վնասուին Քարիւղի Գիներու Անկումէն

1217_oil«Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը գրէ, որ քարիւղի արտադրութեան ծաւալներու անակնկալ յաւելումն ու քարիւղի նկատմամբ համաշխարհային պահանջարկի նուազումը «սեւ ոսկի»-ի գիներու անկումին պատճառ դարձած են: Յունիսէն ի վեր մէկ տակառին համար քարիւղի գինի 40 առ հարիւրով նուազումը այս տարի համաշխարհային տնտեսութեան համար մեծագոյն ցնցումը եղած է:

Ներկայիս ցնցումին տարողութիւնը դժուար է չափազանցել:

Օրաթերթը կը գրէ, որ տնտեսագէտները աշխուժ կերպով կը վիճին, թէ արդեօք աշխարհը փոխուա՞ծ է եւ արդեօք օրինակ, սղաճի մակարդակը եւ ուժեղ տոլարը փոփոխութիւններ պիտի բերե՞ն սովորական տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ:

Շատ տնտեսագէտներ համաձայն են Դրամական միջազգային ֆոնտի գործադիր տնօրէն Քրիսթին Լակարտին, որ այս ամիս ըսած էր, որ «ատիկա լաւ լուր է համաշխարհային տնտեսութեան համար»:

Քարիւղի նուազող գիները ընդհանուր առմամբ լաւ նորութիւն են Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան համար, Բրիտանիոյ մեծ մասը «համեստ յաղթող» է քարիւղի գինի կտրուկ անկումէն: Եւրոյի գօտիին մէջ սպառողական գիներու առումով` աժան քարիւղը «անվիճելի կերպով դրական անուանուած է»: Գերմանիոյ համախառն ներքին արտադրութեան առումով 2015-ին կը նախատեսուի ունենալ 1,5 առ հարիւրի աճ: Ինչպէս կը գրէ օրաթերթը, Օսլոն մինչեւ իսկ մէկ տակառի դիմաց 40 տոլար գինի պարագային կրնայ հաւասարակշռել իր պիւտճէն:

Ռուսիոյ տնտեսութեան համար քարիւղի գիներու անկումը չափազանց բացասական է, սղաճը հասած է մինչեւ 9,4 առ հարիւրի եւ կը նախատեսուի տարեվերջին հասնիլ 10 առ հարիւրի:

Սէուտական Արաբիան պիտի ըլլայ ծոցի երկիրներէն մէկը, որ ամէնէն շատը պիտի ազդուի քարիւղի ցած գիներէն: Գիներու անկումէն կը շահին Ճափոնը եւ Հնդկաստանը:

Ըստ «Gazeta.ru»-ի, Ռուսիան կրնայ դուրս բերուիլ զարգացող երկիրներու ցուցակէն: Քարիւղի գիներու անկումը նոյնպիսի ազդեցութիւն ունի նաեւ Իրանի, Նիկերիոյ եւ Վենեզուելլայի վրայ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES