Ռուսերը Կը Շտապեն Ձերբազատելու Ռուբլիէն

1217_Russia«Օպոզրեւաթել» կը հաղորդէ, որ ռուս յայտնի լրագրող Իլիա Վարլամով իր պլոկին մէջ գրած է, որ անցեալ գիշեր Ռուսիոյ մէջ մարդիկ խուճապահար «վազած» են խանութներ եւ գնած կարելի ամէն բան:

Մինչ մէկ մասը կը շտապեն դրամի փոխանակման կէտեր, միւսները «կը յարձակին» խանութներուն վրայ եւ կը գնեն այն ամէնը, ինչ որ տակաւին չէ հասած սղելու, հիմնականին մէջ` սարքեր, մթերք եւ հագուստ:

«Մարդիկ կը շտապեն ձերբազատիլ ռուբլիէն: Շուրջօրեայ խանութներուն մէջ ճիշդ հիմա հսկայական հերթեր գոյացած են: Մարդիկ ընկերային ցանցերուն վրայ ապշեցնող լուսանկարներ կը տեղադրեն», գրած է լրագրողը:

Ըստ անոր, ռուբլիի արժէքին կտրուկ նուազումին պատճառով Ռուսիան քանի մը շաբթուան ընթացքին վերածուած է համաշխարհային գնումներու կեդրոնի:

Ըստ «Վետոմոսթի»-ի, ռուբլիի անկումին պատճառով Ռուսիոյ մէջ դադրեցուած է օտարերկրեայ արտադրութեան ինքնաշարժներու վաճառքը:

Share this Article
CATEGORIES