Օպամա Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներու Մասին Օրէնք Պիտի Ստորագրէ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, թէ Սպիտակ տունը հաղորդած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մինչեւ այս շաբթուան աւարտը պիտի ստորագրէ Քոնկրեսի որդեգրած օրէնքը` Ռուսիոյ նկատմամբ նոր պատժամիջոցներու եւ Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրելու մասին:
Սպիտակ տան բանբեր Ճոն Ըռնեսթ ըսած է, որ Օպամա մտահոգութիւն կը զգայ` կապուած օրէնքին հետ, սակայն կը կարծէ, որ անիկա իրեն անհրաժեշտ ազատութիւն կու տայ գործելու համար:
Քոնկրեսը անցեալ շաբաթ օր որդեգրած է «Ուքրանիոյ ազատութեան աջակցելու մասին» օրէնքը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաղորդումով` օրէնքին նպատակը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վրայ ճնշումը զօրացնելն է:
Փաստաթուղթը նաեւ զինուորական օգնութիւն կ՛ենթադրէ Ուքրանիոյ:
CATEGORIES Միջազգային

