Տիրող Հակասական Կեցուածքներու Մթնոլորտին Մէջ. Խորհրդակցութիւնները Շարունակուեցան Քաղաքական, Ապահովական Եւ Ընկերային Ուղղութիւններով
Երկրի քաղաքական ու ապահովական կայունութեան գծով շրջան ընող դրական թէ բացասական տեղեկութիւններու լոյսին տակ, պատկան ղեկավար կողմեր շարունակեցին իրենց խորհրդակցութիւնները քաղաքական, ապահովական թէ ընկերային- տնտեսական ուղղութիւններով:
Քաղաքական ծիրին մէջ ուշադրութեանց առանցքը կազմեց երկրի նախագահական ընտրութեան հարցը, որուն նախապատրաստական ենթահողը կը կազմէ քուլիսներու ետին «պատրաստուող» միջլիբանանեան երկխօսութիւնը` երկրի զանազան կողմերուն միջեւ: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ Հարիրի- Հըզպալլա երկխօսութիւնը հաւանաբար տեղի ունենայ երկու տօներուն` Ս. ծնունդին եւ Ամանորին միջեւ: Առ այդ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա` ընկերակցութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, նախկին երեսփոխաններ Ղաթթաս Խուրիի ու Պասեմ Սապեհի եւ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի, մեկնեցաւ Ռիատ` խորհրդակցութիւններ ունենալու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ սէուտցի վարիչներու հետ: Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն յայտնեց, թէ ընտրական օրէնքին գծով հետապնդումի յանձնախումբի պարզած մթնոլորտի լոյսին տակ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ զանազան կողմերու եւ խորհրդարանական համախմբումներու հետ: Պըրրի չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին մասնակիցներուն հետ ունեցած խօսակցութեանց ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ վերահաստատեց, թէ ան նկատի պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահի կարծիքը, նախքան ընտրական օրէնքի բանաձեւին արծարծումը խորհրդարանի ընդհանուր նիստին:
Նշենք, որ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումներուն ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահը երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:
Միւս կողմէ երեսփոխան Ալի Պազզի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին եւ նախագահական ընտրութեան գծով հարցեր կան, որոնց լուծումը գերիվեր է խորհրդակցող կողմերու կարողութենէն, ինչ որ կ՛առաջադրէ անոնց արծարծումը երկխօսութեան սեղանին վրայ` ակնարկելով Հըզպալլա – Հարիրի երկխօսութեան, որ ըստ Պազզիի տեղի պիտի ունենայ մօտերս` Այն Թինէի մէջ:
Միւս կողմէ, Վատիկանի մօտիկ քրիստոնեայ շրջանակներ հաւանական կը նկատեն, որ Վատիկան ձեռնարկէ «միջամտութեան», երբ նկատէ, թէ լիբանանեան կողմերուն մօտ այս գծով պատրաստակամութիւն կայ: Առ այժմ, սակայն, Վատիկան կը նախընտրէ հետեւիլ Պշարա Ռայի պատրիարքի նախաձեռնած խորհրդակցութիւններուն, երկրի զանազան, յատկապէս` քրիստոնեայ ղեկավարներուն հետ: Այս ծիրին մէջ նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ Վատիկան յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի ֆրանսացի պատուիրակ, ֆրանսացի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի պետ, դեսպան Ժան-Ֆրանսու Ժիրոյի մագոգային խորհրդակցութիւններուն` Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ:
Նաեւ Ապահովական Առումով
Խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան երէկ ապահովական հիմնահարցերէն` առեւանգեալ զինուորականներու հարցին գծով: Այս ծիրին մէջ զինուորականներուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ կէսօրին այցելեց Ռապիէ, ուր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ խորհրդակցեցաւ վերջինիս կեցուածքին շուրջ: Երեսփոխան Աուն վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը զինուորականներու ազատ արձակման ճիգերուն, որոնք սակայն «իրենց գինը ունին»:
«Զինուորականներուն ընտանիքները իրաւունք ունին իմանալու, թէ ի՞նչ կը կատարուի այս հարցին գծով», ըսաւ Աուն` առաջարկելով, որ անոնցմէ ներկայացուցիչ մը մաս կազմէ այս տագնապի լուծման կոչուած նախարարական ենթայանձնախումբի նիստերուն: Նմանապէս ան առաջարկեց, որ բանակէն թէ ներքին ապահովութեան ուժերէն ներկայացուցիչ սպաներ զինուորականներուն ընտանիքները տեղեակ պահեն այս հարցին գծով արձանագրուող իրադարձութիւններէն: «Էականը` զինուորականներուն տունդարձն է, որուն գծով անհրաժեշտ է գին վճարել», աւելցուց Աուն` շեշտելով, որ փոխանակումը պէտք է կատարուի լիբանանեան օրէնքներուն ծիրին մէջ: Ան սխալ քայլ նկատեց առեւանգեալ զինուորականներու Արսալէն հեռացումը, «Երբ անոնք իբր հիւր կը գտնուէին Ապու Թաիէին տան մէջ»:
Նոյն առնչութեամբ կարգ մը աղբիւրներ երէկ երեկոյեան հաղորդեցին, որ զինուորականներու ազատ արձակման գծով նախատեսուող բանակցութիւնները առայժմ առկախուած են: Փաստօրէն, միջնորդութեան «թեկնածուներ»-էն շէյխ Ուիսամ Մասրի երէկ կէսօրին ուղղուած է Արսալի բարձունքներ` բանակցելու համար առեւանգողներուն հետ, սակայն մետասաներորդ պահուն հրաժարած է այդ քայլէն, երբ նկատած է, թէ զինք լիազօրող պաշտօնական «կանաչ լոյս» չկայ: Ըստ «Էլ. Պի. Սի.»-ի աղբիւրներուն, բանակցութիւնները առկախուած են, որովհետեւ պետութեան կողմէ լիազօրուած ո՛չ տեղական, ո՛չ ալ շրջանային բանագնաց կայ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը կը հերքէ, թէ ինք որեւէ կապ ունի առեւանգողներուն հետ, սակայն առեւանգեալ զինուորականներու կարգ մը ծնողներ կը դիմեն իրեն` խնդրելով իր միջամտութիւնը:
Միւս կողմէ, զինուորականներու ընտանիքներու պատուիրակութիւնը կազմեց յանձնախումբ մը, որ շարունակէ իր հանդիպումները բոլոր կողմերուն եւ կուսակցութիւններուն հետ` բացայայտելու համար այս հարցին բարւոք լուծումը խոչընդոտող կողմը: Անոնք Աունի հետ տեսակցելէ ետք կրկին կոչ ուղղեցին վարչապետ Թամմամ Սալամին, որ նախապէս իրենց յայտնած է, թէ այս հարցին լուծման բանալիները հետս են ու կարելիս պիտի ընեմ լուծելու զայն»:

