Ուորլիք Շնորհաւորած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի` Ծերակոյտին Կողմէ Հաստատուած Նոր Դեսպանները

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով շնորհաւորած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպանները:

«Կը շնորհաւորեմ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ մեր նոր դեսպանները: Անոնք երկուքն ալ փորձառու դիւանագէտներ են եւ պիտի ընեն առաւելագոյնը», գրած է ան:

Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը օրեր առաջ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին հաստատած էր Ռոպըրթ Ֆրենսիս Սեքութայի թեկնածութիւնը:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին երեքշաբթի օր հաստատուած է Ռիչըրտ Միլզ կրտսերի թեկնածութիւնը:

Միլ ներկայիս Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի տեղակալն է: Ան Դիւանագիտական գործունէութիւն ծաւալած է Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Իրաքի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES